Այսօր` շաբաթ, 16 հոկտեմբերին, մեկնարկը կը տրուի Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2021-2022 տարեշրջանին:
Բացման մրցումին, այսօր երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Անտոնեան միաբանութեան վարժարանի դաշտին վրայ, տեղի կ՛ունենայ Աթլաս-Անիպալ Զահլէ մրցումը:
Այսօրուան երկրորդ մրցումին, երեկոյեան ժամը 21:45-ին, Տիք Մըհտիի մէջ Շանվիլ կը հիւրընկալէ Տինամոն:
Վաղը` կիրակի, Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ, ժամը 17:45-ին, Պիպլոս հիւրը կ՛ըլլայ Հուփսին:
Երկուշաբթի, 18 հոկտեմբերին, Ղազիրի իր դաշտին վրայ Սաժես կը հիւրընկալէ ՀՄԸՄ-ը, երեկոյեան ժամը 19:30-ին:
Այս հանգրուանը կ՛աւարտի երեքշաբթի, 19 հոկտեմբերին, երբ Մանարայի մէջ Անդրանիկ Պէյրութ հիւրը կ՛ըլլայ Ռիատիի, յետմիջօրէի ժամը 16:45-ին:


