Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ խումբին մաս կազմող նորեկ, սպանացի 35 տարեկան յետսապահ Սերճիօ Ռամոսի վերադարձը յաւելեալ 10 օրով պիտի ուշանայ` նկատի ունենալով որ ան ցարդ չէ ապաքինած իր ստացած վնասուածքէն:
Նշուեցաւ, որ Ռամոս 10 օր եւս պիտի մարզուի անհատական ծրագիրով, նախքան արժանթինցի գլխաւոր մարզիչ Մաուրիցիօ Փոքեթինոյի գլխաւորած կազմի ընդհանուր խումբ իր վերադարձը:
Նշենք, որ 2005-էն ի վեր Ռէալ Մատրիտին մաս կազմած Ռամոս նախորդ յուլիսին միացաւ փարիզեան կազմին` իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ: