Մարզական

Ֆութսալ.  Արարատ-Արմենիա Յաղթեց  Եւ Մօտեցաւ Յառաջատար Երեւանին

Ֆութսալ. Արարատ-Արմենիա Յաղթեց Եւ Մօտեցաւ Յառաջատար Երեւանին

Հայաստանի ֆութսալի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Երեւան, որ մրցեցաւ Հայաստանի պետական տնտեսագիտական համալսարանի խումբին դէմ, անոր հետ արձանագրեց 6-6 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Երեւանի արձանագրած այս հաւասարութենէն մեծագոյն օգտուողը հանդիսացաւ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Արարատ-Արմենիա, որ 15-4 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ֆալքոնսին, յաջողեցաւ իր եւ Երեւանի միջեւ կէտերու տարբերութիւնը նուազեցնել միայն կէտի մը: Երեւան...

Անգլիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբը  57 Տարուան Մէջ Առաջին Անգամ  Ըլլալով Նշանակեց 10 Կոլ

Անգլիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբը 57 Տարուան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Նշանակեց 10 Կոլ

2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Թ. խմբակին մաս կազմող Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը, որ կատարեց իր 10-րդ եւ վերջին մրցումը, արձանագրեց 10-0 արդիւնքով յաղթանակ մը` Սան Մարինոյի դէմ: Նախքան իր այս յաղթանակը արձանագրելը, Անգլիա արդէն իսկ ապահոված էր Քաթարի իր տոմսը: Անգլիա վերջին անգամ 57 տարի առաջ` 1964-ին էր, որ այսպիսի արդիւնք մը արձանագրած էր Միացեալ Նահանգներու դէմ: Այսպիսով,...

Պարսելոնա Պաշտօնանկ Ըրաւ  Իր Թեքնիք Տնօրէնը

Պարսելոնա Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Թեքնիք Տնօրէնը

Քաթալոնական Պարսելոնա ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ պաշտօնանկ ըրաւ իր թեքնիք տնօրէնը` 54 տարեկան սպանացի Ռամոն Փլանեսը: Ան Պարսելոնա հասած էր 2018-ին, երբ ակումբին նախագահն էր Եոսիփ Մարիա Փարթոմէու: Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, Պարսելոնայի նոր նշանակուած գլխաւոր մարզիչ Չաւի կը փափաքի ակումբին թեքնիք տնօրէնին պաշտօնին վրայ տեսնել իր նախկին խմբակիցը` Քարլես Փույոլը:  

Լիբանանի Փինկ Փոնկի Ախոյեանութիւն.  Լոռի Եահնիեան Հանդիսացաւ  18 Տարեկանէն Վար Փոխախոյեան

Լիբանանի Փինկ Փոնկի Ախոյեանութիւն. Լոռի Եահնիեան Հանդիսացաւ 18 Տարեկանէն Վար Փոխախոյեան

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Լիբանանի փինկ փոնկի աղջկանց ախոյեանութիւնը: Լարա Քեչեպաշեան                                                                        Լոռի Եահնիեան 18 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մրցումներուն, ՀՄԸՄ Պէյրութին...

Հայաստանի Ֆութպոլի 18 Տարեկանէն Վար  Հաւաքականը Սկսաւ Մարզական Հաւաքի Մը

Հայաստանի Ֆութպոլի 18 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Սկսաւ Մարզական Հաւաքի Մը

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի 18 տարեկանէն վար հաւաքականը նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ մարզական հաւաքի մը` Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Նշուեցաւ, որ այս հաւաքը իր աւարտին կը հասնի վաղը` չորեքշաբթի, 17 նոյեմբերին: Հաւաքին վերջին օրը, հաւաքականը ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Արարատ Արմենիա-2 խումբին դէմ: Հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Վահագն Մինասեան:

Հենրիխ Մխիթարեան Կը Փափաքի  Վերադառնալ Տորթմունտ

Հենրիխ Մխիթարեան Կը Փափաքի Վերադառնալ Տորթմունտ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան նախորդ շաբաթավերջին իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ օրին մէկը դարձեալ կը փափաքի վերադառնալ եւ մաս կազմել անցեալի իր ակումբին` Պորուսիա Տորթմունտին: Ան ըսաւ, որ իրեն համար անմոռանալի եղած են Տորթմունտի հետ իր ունեցած օրերը եւ կարելի է ըսել, որ անոնք եղած են ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին հրաշալի ժամանակները: Նշենք, որ 32...

Տարուան Լաւագոյն Մարզիկի  Մրցանակաբաշխութիւնը  Տեղի Պիտի Ունենայ Գիւմրիի Մէջ

Տարուան Լաւագոյն Մարզիկի Մրցանակաբաշխութիւնը Տեղի Պիտի Ունենայ Գիւմրիի Մէջ

Հայաստանի տարուան լաւագոյն մարզիկի մրցանակաբաշխութեան պաշտօնական հանդիսութիւնը այս տարի տեղի պիտի ունենայ Գիւմրիի մէջ, այս մասին յայտնեց Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան: Գիլոյեան նշեց, որ այս տարի տեղի պիտի ունենայ նաեւ «Հանդիսականի համակրանք» մրցանակը, որուն յաղթականը պիտի որոշուի «ԷՍ. ԷՄ. ԷՍ. »-ի քուէարկութեամբ եւ որուն կրնան մասնակցիլ բոլոր հայազգի մարզիկները:

Նէյմար Ամրան Ընթացքին Կրնայ  Հեռանալ Փարիզ Սեն Ժերմենէն

Նէյմար Ամրան Ընթացքին Կրնայ Հեռանալ Փարիզ Սեն Ժերմենէն

Ֆրանսական մարզական մամուլին համաձայն, պրազիլցի միջազգային յառաջապահ Նէյմար յառաջիկայ ամրան ընթացքին շատ հաւանաբար լքէ իր ակումբը` Փարիզ Սեն Ժերմենը: Նշուեցաւ, որ մայրաքաղաքի կազմին ղեկավարութիւնը կը փափաքի Նէյմարի փոխանցումէն ստանալ բաւական մեծ գումար մը: Անիկա արդէն իսկ կապ սկսած է հաստատել եւրոպական անուանի ակումբներու հետ, որոնց կարգին Պարսելոնա եւ անգլիական քանի մը ակումբ: Ան 2017-ին քաթալոնական Պարսելոնայէն միացաւ ֆրանսական կազմին:  ...

Տենի Ալվես Պիտի Ստանայ Ամէնէն Քիչ  Աշխատավարձը` Պարսելոնայի Հետ

Տենի Ալվես Պիտի Ստանայ Ամէնէն Քիչ Աշխատավարձը` Պարսելոնայի Հետ

Պարսելոնա վերադարձած 38 տարեկան պրազիլցի յետսապահ Տենի Ալվես պիտի ստանայ ամէնէն քիչ աշխատավարձը քաթալոնական ակումբի գլխաւոր խումբին մաս կազմող ֆութպոլիստներուն մէջ, այս մասին յայտնեց սպանական մարզական մամուլը: Պայմանագիրը նախատեսուած է մինչեւ այս տարեշրջանի աւարտը: Տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելու եւ խմբային նուաճումներու պարագային, Տենի Ալվես պիտի ստանայ յաւելեալ յաւելավճարներ: Նշենք, որ երէկ ան ենթարկուեցաւ յաջող քննութիւններու: Անոր շնորհահանդէսը` «Քամփ Նու» մարզադաշտին վրայ,...

Ռումանացի Էնես Սալի Եւրոպական  Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատեց

Ռումանացի Էնես Սալի Եւրոպական Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատեց

Ռումանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի երիտասարդ միջնապահ Էնես Սալի, որ նախորդ շաբաթավերջին Լիխթնշթայնի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (2022-ի Մոնտիալ, 2-0) դաշտ ներկայացաւ 82-րդ վայրկեանին, յաջողեցաւ եւրոպական նոր մրցանիշ մը հաստատել` իբրեւ ամէնէն երիտասարդ ֆութպոլիստը: Ան 15 տարեկան եւ 264 օրական էր, երբ կատարեց իր առաջին պաշտօնական մրցումը: Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր նորվեկիացի  Մարթին Էտեկորին, որ Նորվեկիոյ հետ իր առաջին պաշտօնական մրցումը կատարած...

«Ֆորմիւլա-1».  Լուիս Հեմիլթըն Յաղթական` Պրազիլի Մէջ

«Ֆորմիւլա-1». Լուիս Հեմիլթըն Յաղթական` Պրազիլի Մէջ

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Պրազիլի կրան փրին, որ կ՛իյնայ «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան 19-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ: Եօթը անգամ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած անգլիացի փորձառու վարորդ Լուիս Հեմիլթըն, հակառակ անոր որ այս կրան փրին սկսաւ 20-րդ դիրքին վրայէն, յաջողեցաւ դառնալ տիտղոսակիր` Պրազիլի մէջ: Նշենք, որ ան այսպիսով արձանագրեց տարեշրջանի իր 6-րդ յաղթանակը եւ յաջողեցաւ իր եւ վարորդներու դասաւորման առաջին դիրքին վրայ գտնուող...

Ասիոյ Պասքեթպոլի Աղջկանց Ախոյեանութիւն.  Լիբանանի Ազգային Խումբը Տիրացաւ  Տիտղոսին Եւ Բարձրացաւ Ա. Դասակարգ

Ասիոյ Պասքեթպոլի Աղջկանց Ախոյեանութիւն. Լիբանանի Ազգային Խումբը Տիրացաւ Տիտղոսին Եւ Բարձրացաւ Ա. Դասակարգ

Երէկ` կիրակի, 14 նոյեմբերին, Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանէն Պէյրութ վերադարձաւ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ազգային խումբը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Ասիոյ պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան (Բ. դասակարգ): Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ լիբանանեան պատուիրակութիւնը դիմաւորեցին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի, ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք, ֆետերասիոնի անդամներ Հայկ Թապաքեան, Ղազի Պուսթանի, Էլի Խալիլ, մարզական լրագրողներ, մարզիկներուն ծնողներն ու ընտանեկան պարագաները, ինչպէս նաեւ համակիրներ: Լիբանանի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Տինամօ Եւ Անդրանիկ Պէյրութ` Յաղթական

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Տինամօ Եւ Անդրանիկ Պէյրութ` Յաղթական

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումները երէկ հասան իրենց աւարտին, երբ Ղազիրի դաշտին վրայ Սաժես հիւրընկալեց Տինամոն: Մրցումը աւարտեցաւ հիւր կազմին քիչ մը դժուար յաղթանակով` 81-78 արդիւնքով (18-20, 19-20, 20-26 եւ 21-15): Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Տինամոյէն Ճիմի Սալեմ (23 կէտ), մինչ Սաժեսէն տապըլ-տապըլ իրագործեցին Ալի Մըզհեր (13 կէտ, 15 էսիսթ) եւ Քրիսթոֆ Խալիլ (19 կէտ,...

Երկու Տարուան Դադարէ Մը Ետք. Երէկ Տեղի Ունեցաւ Պէյրութի 17-րդ Մարաթոնը. Լեւոն Թաշճեան 50 Տարեկանէն Վեր Դասակարգի Ախոյեան

Երկու Տարուան Դադարէ Մը Ետք. Երէկ Տեղի Ունեցաւ Պէյրութի 17-րդ Մարաթոնը. Լեւոն Թաշճեան 50 Տարեկանէն Վեր Դասակարգի Ախոյեան

Կազմակերպութեամբ Պէյրութի մարաթոնի միութեան, երէկ` կիրակի, 14 նոյեմբերին, Պէյրութի ճամբաներուն մէջ տեղի ունեցաւ Պէյրութի 17-րդ մարաթոնը` մասնակցութեամբ եօթը հազար երկսեռ վազողներու, որոնք կը ներկայացնէին 59 երկիրներ: Երկու տարուան ակամայ դադարէ մը ետք («Քորոնա» ժահրին պատճառով), այս մարաթոնը դարձեալ տեղի ունեցաւ: Անիկա սկսաւ առաւօտեան ժամը 6:00-ին եւ ուղղակիօրէն պատկերասփռուեցաւ «ԷՄ. ԹԻ. ՎԻ.» պատկերասփիւռի կայանէն: Անոր իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ  Լիբանանի մէջ...

2022-ի Մոնտիալ.  Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը  Իր Ելոյթները Աւարտեց 4-1 Արդիւնքով  Պարտութեամբ Մը` Գերմանիայէն

2022-ի Մոնտիալ. Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Իր Ելոյթները Աւարտեց 4-1 Արդիւնքով Պարտութեամբ Մը` Գերմանիայէն

Եւրոպայի գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Ժ. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ` կիրակի, 14 նոյեմբերին աւարտեց իր ելոյթները, երբ կատարեց իր 10-րդ մրցումը, Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալելով Գերմանիան: Մրցումը վերջ գտաւ արդէն իսկ Մոնտիալի իր տոմսը ապահոված Գերմանիոյ յաղթանակով`  4-1 արդիւնքով, որ այսպիսով ապահովեց զտումի իր 27-րդ կէտը:...

Ճատրակ. Եւրոպայի Խմբային Ախոյեանութիւն.  Հայաստանի Հաւաքականներուն Յաղթանակները

Ճատրակ. Եւրոպայի Խմբային Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Հաւաքականներուն Յաղթանակները

Սլովենիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի խմբային ախոյեանութեան երրորդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 14 նոյեմբերին, Հայաստանի տղոց հաւաքականը, որ մրցեցաւ Իսրայէլի դէմ, արձանագրեց 2,5-1,5 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կէտը ապահովեց խումբի յառաջատար Գաբրիէլ Սարգսեան, որ սեւ քարերով պարտութեան մատնեց Թամիր Նափաթին: Հայկ Մ. Մարտիրոսեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան եւ Սամուէլ Տէր Սահակեան հաւասարութիւն արձանագրեցին: Նշենք, որ այս հանգրուանէն ետք, Հայաստան ապահոված...

Պրազիլ Արձանագրեց Իր 11-րդ Յաղթանակը  Եւ Ապահովեց 2022-ի Մոնտիալի Աւարտականներուն Իր Տոմսը

Պրազիլ Արձանագրեց Իր 11-րդ Յաղթանակը Եւ Ապահովեց 2022-ի Մոնտիալի Աւարտականներուն Իր Տոմսը

Հարաւային Ամերիկայի գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի 13-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Պրազիլ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Քոլոմպիան, արձանագրեց նուազագոյն արդիւնքով յաղթանակ մը: Մրցումին միակ կոլը 72-րդ վայրկեանին նշանակեց ֆրանսական Լիոնի միջնապահ Լուքաս Փաքուեթա: Այս կոլին էսիսթը կատարեց Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Նէյմար: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այսպիսով հինգ անգամ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Պրազիլ ապահովեց...

Ակուրօ Շատ Հաւանաբար Աւարտէ Ֆութպոլիստի  Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Ակուրօ Շատ Հաւանաբար Աւարտէ Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Քաթալոնական Պարսելոնային մաս կազմող արժանթինցի յառաջապահ Սերճիօ Ակուերօ շատ հաւանաբար աւարտէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը: Նշուեցաւ, որ անոր սրտին գծով կատարուած յաւելեալ քննութիւնները ցոյց տուած են, որ խնդիրները շատ աւելի լուրջ են, քան ինչ որ յայտարարուած էր նախապէս: 33 տարեկան ֆութպոլիստը 30 հոկտեմբերին իր կազմին հետ կատարած մրցումին սրտի հարցեր ունենալուն պատճառով փոխադրուած էր հիւանդանոց:  

Քարլես Փույոլ Շատ Հաւանաբար  Վերադառնայ Պարսելոնա

Քարլես Փույոլ Շատ Հաւանաբար Վերադառնայ Պարսելոնա

Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, Պարսելոնայի նախկին խմբապետ Քարլես Փույոլ շատ հաւանաբար վերադառնայ քաթալոնական ակումբ եւ հոն ստանձնէ պաշտօն մը: Նշուեցաւ, որ անոր վերադարձով հետաքրքրուած են ակումբի նախագահ Խուան Լափորթա եւ նոր նշանակուած մարզիչ Չաւի: Իր կարգին, Փույոլ եւս փափաք ունի վերադառնալ Պարսա, սակայն կ՛ուզէ ունենալ այնպիսի լիազօրութիւններ, որոնցմով կրնայ իր որոշումները գործադրել: Շատ հաւանական է, որ Փույոլ ստանձնէ թեքնիք տնօրէնի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Հուփս-ՀՄԸՄ` 80-67

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Հուփս-ՀՄԸՄ` 80-67

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հուփս-ՀՄԸՄ մրցումը: Հուփս, որ կրած է երկու պարտութիւն, արձանագրեց իր երրորդ յաղթանակը` 80-67 արդիւնքով (18-10, 24-7,20-24 եւ 18-26): Իսկ ՀՄԸՄ, որ յետաձգուած մրցում մը ունի կատարելիք Ռիատիի դէմ, կրեց իր չորրորդ պարտութիւնը: Նշենք, որ մրցումին տեւողութեան, Հուփս նոյնիսկ ունեցաւ 27...

Page 447 of 1280 1 … 446 447 448 … 1,280

Արխիւներ