Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումները երէկ հասան իրենց աւարտին, երբ Ղազիրի դաշտին վրայ Սաժես հիւրընկալեց Տինամոն:
Մրցումը աւարտեցաւ հիւր կազմին քիչ մը դժուար յաղթանակով` 81-78 արդիւնքով (18-20, 19-20, 20-26 եւ 21-15):
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Տինամոյէն Ճիմի Սալեմ (23 կէտ), մինչ Սաժեսէն տապըլ-տապըլ իրագործեցին Ալի Մըզհեր (13 կէտ, 15 էսիսթ) եւ Քրիսթոֆ Խալիլ (19 կէտ, 12 ռիպաունտ):
Այսպիսով, Տինամօ արձանագրեց իր 5-րդ յաջորդական յաղթանակը, մինչ երեք յաղթանակ արձանագրած Սաժես կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը:
Նախանցեալ օր, այս հանգրուանին ծիրին մէջ, Անդրանիկ Պէյրութ արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը (երեք պարտութեան կողքին)` 84-74 արդիւնքով յաղթելով Աթլասին (2 յաղթանակ, 2 պարտութիւն):
Անդրանիկէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Եուսեֆ Ղանթուս (18 կէտ, 13 ռիպաունտ):