Ֆրանսական մարզական մամուլին համաձայն, պրազիլցի միջազգային յառաջապահ Նէյմար յառաջիկայ ամրան ընթացքին շատ հաւանաբար լքէ իր ակումբը` Փարիզ Սեն Ժերմենը:
Նշուեցաւ, որ մայրաքաղաքի կազմին ղեկավարութիւնը կը փափաքի Նէյմարի փոխանցումէն ստանալ բաւական մեծ գումար մը:
Անիկա արդէն իսկ կապ սկսած է հաստատել եւրոպական անուանի ակումբներու հետ, որոնց կարգին Պարսելոնա եւ անգլիական քանի մը ակումբ:
Ան 2017-ին քաթալոնական Պարսելոնայէն միացաւ ֆրանսական կազմին: