Մարզական

Ասիոյ Պասքեթպոլի Աղջկանց  Ախոյեանութիւն.  Լիբանանի Ազգային Խումբը Ապահովեց  Աւարտականին Իր Տոմսը

Ասիոյ Պասքեթպոլի Աղջկանց Ախոյեանութիւն. Լիբանանի Ազգային Խումբը Ապահովեց Աւարտականին Իր Տոմսը

Երէկ` ուրբաթ, Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան (Բ. դասակարգ) ծիրին մէջ, Լիբանանի ազգային խումբը, որ կիսաւարտականին մրցեցաւ Ինտոնեզիոյ դէմ, ապահովեց աւարտականին իր տոմսը` 76-62 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով: Աւարտականին Լիբանան իր դէմ պիտի ունենայ Յորդանան-Ղազախստան մրցումին յաղթականը: Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` շաբաթ, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 19:00-ին: Յաղթանակ մը եւս եւ Լիբանան պիտի վերադառնայ...

2022-ի Մոնտիալ.  Վաղը` Հայաստան-Գերմանիա

2022-ի Մոնտիալ. Վաղը` Հայաստան-Գերմանիա

Եւրոպայի գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը կը կատարէ զտումի իր վերջին մրցումը` երբ Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալելով Ժ. խմբակին պարագլուխի դիրքը գրաւող Գերմանիան: Այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 19:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Հայաստան, որ այժմ կը գրաւէ չորրորդ դիրքը, իր յոյսերը կորսնցուցած է փլէյ-օֆի հանգրուանի մրցումներուն...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր Կը Հրապարակուի Տղոց Ա. Դասակարգի  Ախոյեանութեան 2021-2022 Տարեշրջանի  Երթի Մրցումներուն Յայտագիրը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Հուփս-ՀՄԸՄ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 12 նոյեմբերին, ՀՄԸՄ-ի կազմը հիւրը պիտի ըլլայ Հուփսին: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ, պիտի սկսի ժամը 16:50-ին: Հիւրընկալ կազմը, որ ցարդ կատարած է չորս մրցում, արձանագրած է երկու յաղթանակ եւ կրած երկու պարտութիւն, մինչ ՀՄԸՄ, որ կատարած է երեք մրցում, կրած...

2022-ի Մոնտիալ.  Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը  5-0 Արդիւնքով Ծանր Պարտութիւն Մը  Կրեց Մակեդոնիայէն

2022-ի Մոնտիալ. Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը 5-0 Արդիւնքով Ծանր Պարտութիւն Մը Կրեց Մակեդոնիայէն

Երէկ` հինգշաբթի, 11 նոյեմբերին, Եւրոպայի գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ժ. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Մակեդոնիան, անկէ կրեց ծանր պարտութիւն մը` 5-0 արդիւնքով: Այս պարտութիւնը պատճառ դարձաւ, որ հայրենի կազմը վերջնականապէս զրկուի խմբակին երկրորդ դիրքը գրաւելու կարելիութենէն, եւ բնականաբար` 2022-ի...

Ճատրակ. Եւրոպայի Խմբային Ախոյեանութիւն.  Հայաստանի Հաւաքականներուն Կազմերը

Ճատրակ. Եւրոպայի Խմբային Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Հաւաքականներուն Կազմերը

Այսօր` ուրբաթ, 12 նոյեմբերին, Սլովենիոյ մէջ մեկնարկը կը տրուի Եւրոպայի ճատրակի խմբային ախոյեանութեան, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց հաւաքականները: Տղոց ախոյեանութեան կը մասնակցին 39 խումբեր, իսկ աղջկանց պարագային` 31 կազմեր: Ախոյեանութիւնը, որ կ'ընդգրկէ 9 հանգրուան, իր աւարտին կը հասնի 21 նոյեմբերին: Ստորեւ` Հայաստանի հաւաքականին կազմերը. ՏՂԱՔ. Գաբրիէլ Սարգսեան (2664), Հայկ Մ. Մարտիրոսեան (2624), Ռոպերթ Յովհաննիսեան (2622),...

Սթիւըն Ժերար Նշանակուեցաւ  Ասթոն Վիլայի Մարզիչ

Սթիւըն Ժերար Նշանակուեցաւ Ասթոն Վիլայի Մարզիչ

Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յետսապահ Սթիւըն Ժերար երէկ գլխաւորեց Ասթոն Վիլան, այս մասին յայտնեց «Փրեմիեր Լիկ»-ի ախոյեանութեան մասնակցող ակումբը: Նախքան իր նոր պաշտօնը ստանձնելը, ան կը գլխաւորէր սկովտիական Ռէյնճըրզը, իսկ անկէ առաջ` Լիվըրփուլի երիտասարդական խումբը: Նշենք, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Ասթոն Վիլա 10 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 16-րդ դիրքը:  

Ռուսական Ֆութպոլ.  Խորէն Պայրամեան` Կոլի Հեղինակ

Ռուսական Ֆութպոլ. Խորէն Պայրամեան` Կոլի Հեղինակ

Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ռոսթով, որ հիւրընկալեց Ռուպինը, արձանագրեց 5-1 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը: Ռոսթովի առաջին կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի ֆութպոլիստ Խորէն Պայրամեան, 42-րդ վայրկեանին, մինչ արդիւնքը կ՛ընթանար ի նպաստ հիւր կազմին, 1-0 արդիւնքով: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Ռոսթով 16 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 10-րդ դիրքը:  

«Փրեմիեր Լիկ».  Այսօր Կը Սկսի 2015-2016 Տարեշրջանը

«Փրեմիեր Լիկ»-ը Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր 2022-ին Դադար Պիտի Առնէ

«ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» կը յայտնէ, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւնը («Փրեմիեր Լիկ»), 2022-2023 տարեշրջանին, նոյեմբեր-դեկտեմբեր 2022-ին դադար պիտի առնէ, Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալի կայացման պատճառով: Նշուեցաւ, որ այդ դադարը պիտի սկսի 12 նոյեմբերին եւ պիտի աւարտի 26 դեկտեմբերին: Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւնը յառաջիկայ տարեշրջանին պիտի սկսի սովորականէն շաբաթ մը առաջ` 6 օգոստոսին, մինչ անիկա պիտի աւարտի 28 մայիս 2023-ին` սովորականէն...

Անտրէյ Շեւչենքօ Հասաւ Ճենովա

Անտրէյ Շեւչենքօ Հասաւ Ճենովա

Իտալական Ճենովայի նոր նշանակուած գլխաւոր մարզիչ Անտրէյ Շեւչենքօ, երկուշաբթի, 8 նոյեմբերին հասաւ Իտալիա եւ միացաւ իր նոր կազմին, այս մասին յայտնեց իտալական մարզական մամուլը: Նշենք, որ Ուքրանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին գլխաւոր մարզիչ Շեւչենքոյի նշանակման մասին Ճենովա յայտարարեց կիրակի, 7 նոյեմբերին: 45 տարեկան ուքրանացին իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբը կը գլխաւորէր 2016-էն ի վեր: Ան «ԵՒՐՕ-2020»-էն ետք լքեց իր պաշտօնը:...

Ասիոյ Պասքեթպոլի Աղջկանց Ախոյեանութիւն.  Լիբանան Յաղթեց Սուրիոյ (83-63)  Եւ Ապահովեց Կիսաւարտականի Իր Տոմսը

Ասիոյ Պասքեթպոլի Աղջկանց Ախոյեանութիւն. Լիբանան Յաղթեց Սուրիոյ (83-63) Եւ Ապահովեց Կիսաւարտականի Իր Տոմսը

Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան (Բ. դասակարգ) մրցումներուն ծիրին մէջ, Լիբանանի աղջկանց ազգային խումբը, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, երէկ կատարեց իր երկրորդ մրցումը` մրցելով Սուրիոյ դէմ: Լիբանանի աղջիկները, որոնք արձանագրեցին իրենց երկրորդ յաղթանակը, ապահովեցին կիսաւարտականի իրենց տոմսը` գրաւելով խմբակին առաջին դիրքը: Մրցումը աւարտեցաւ 83-63 արդիւնքով: Յաղթական կազմին եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց...

2022-ի Մոնտիալ.  «Քլասիքօ»-ի Մրցումին Իրաւարարը Պիտի Սուլէ  Հայաստան-Մակեդոնիա Այսօրուան Հանդիպումին

2022-ի Մոնտիալ. «Քլասիքօ»-ի Մրցումին Իրաւարարը Պիտի Սուլէ Հայաստան-Մակեդոնիա Այսօրուան Հանդիպումին

«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 11 նոյեմբերին կատարուելիք Հայաստան-Մակեդոնիա մրցումին կեդրոնի իրաւարար նշանակուեցաւ «Քլասիքօ»-ի մրցում սուլած սպանացի Խոսէ Մարիա Ալոնսօ Ֆերնանտեսը: Նախորդ 24 հոկտեմբերին ան սուլեց Պարսելոնա-Ռէալ Մատրիտ «Քլասիքօ»-ին: Կողմի իրաւարարները պիտի ըլլան Ռաուլ Քապանիերօ եւ Ռոպերթօ Ալոնսօ Ֆերնանտես, իսկ չորրորդ իրաւարարը` Խուան Մարթինես Մունուերա: Իսկ «ՎԱՐ» համակարգին...

Հայաստանի Ֆութպոլի 19 Տարեկանէն Վար  Հաւաքականը` Յաղթական

Հայաստանի Ֆութպոլի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը` Յաղթական

Խրուաթիոյ Լուցքօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Հայաստան-Սկովտիա մրցումը, որ կ՛իյնայ Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան ԺԱ. խմբակի զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, աւարտեցաւ հայրենի կազմին յաղթանակով, 3-2 արդիւնքով, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Հակառակ անոր որ Ա. կիսախաղին Հայաստան կը պարտուէր 2-0 արդիւնքով, սակայն Բ. կիսախաղին արդիւնքը շրջուեցաւ` շնորհիւ Սպարտակ Հայրապետեանի (62-րդ), Համլեթ Մինասեանի (64-րդ) եւ Արթուր...

Հայաստանի 21 Տարեկանէն Վար  Ֆութպոլի Հաւաքականը Հասաւ Լիոն

Հայաստանի 21 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Հաւաքականը Հասաւ Լիոն

Երեքշաբթի, 9 նոյեմբերին, Հայաստանի 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը հասաւ Լիոն (Ֆրանսա), ուր պիտի շարունակէ պատրաստուիլ դաշտին տիրոջ դէմ կատարուելիք մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ վաղը` հինգշաբթի, 11 նոյեմբերին: Նշենք, որ Լիոնի օդակայանէն հայկական պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Կրենոպլը: Այս մրցումը կ՛իյնայ Եւրոպայի ֆութպոլի 21 տարեկանէն վար ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ (Ը. խմբակ): Ֆրանսայի մէջ, Հայաստանի հաւաքականին պիտի միանան` Երջանիկ Ղուբասարեան,...

Ծանրաբարձութիւն.  Կարէն Աւագեան Պիտի Բացակայի  Աշխարհի Ախոյեանութենէն

Ծանրաբարձութիւն. Կարէն Աւագեան Պիտի Բացակայի Աշխարհի Ախոյեանութենէն

Հայաստանի ծանրաբարձութեան հաւաքականի անդամ եւ Եւրոպայի ախոյեան Կարէն Աւագեան վնասուածքի պատճառով պիտի բացակայի աշխարհի ախոյեանութենէն, այս մասին յայտնեց Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը: Հայաստանի հաւաքականը իր ուսումնամարզական հաւաքը աւարտելէ ետք Ուքրանիոյ մէջ վերադարձաւ հայրենիք: Այս ուսումնամարզական հաւաքին ընթացքին է, որ Աւագեան վիրաւորուեցաւ: Կարճ ժամանակ ետք, ծանրաբարձները պիտի վերսկսին իրենց փորձերուն, Երեւանի եւ Աբովեանի մէջ, նախապատրաստուելու համար 7-11 դեկտեմբերին Թաշքենտի...

Ռեշֆորտ Արժանացաւ Բրիտանական  Կայսրութեան Շքանշանին

Ռեշֆորտ Արժանացաւ Բրիտանական Կայսրութեան Շքանշանին

Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին յառաջապահ Մարքուս Ռեշֆորտ արժանացաւ բրիտանական կայսրութեան շքանշանին: Այս որոշումը ընդունուեցաւ հոկտեմբեր 2020-ին, բարեգործական առիթներու ընթացքին անոր ունեցած աշխուժ մասնակցութեան համար: Ան իր զգալի ներդրումը ունեցաւ անապահով ընտանիքներու երեխաներուն անվճար սնունդի կազմակերպման արշաւին մէջ, բաւական մեծ աշխատանք տարած ըլլալուն համար: Մեծն Բրիտանիոյ թագաժառանգ Ուիլիամ իշխանը, Ուինտսոր պալատին մէջ ընդունեց Ռեշֆորտը եւ կատարեց այս պաշտօնական...

Փոլ Փոկպա Երկու Ամիսով  Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Փոլ Փոկպա Երկու Ամիսով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Փոլ Փոկպա վնասուածքի պատճառով 8-10 շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, այս մասին յայտնեց միջազգային մարզական մամուլը: Ազգային խումբին մէջ իտալական Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ Ժորտան Վերեթու փոխարինեց 28 տարեկան Փոկպան: Նշենք, որ 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին վերջին երկու մրցումներուն, Ֆրանսայի մրցակիցները պիտի ըլլան Ղազախստան (13 նոյեմբեր) եւ Ֆինլանտա (16 նոյեմբեր): Եւրոպայի...

Պասքեթպոլ. Ասիոյ Աղջկանց Ախոյեանութիւն.  Այսօր` Լիբանան-Սուրիա

Պասքեթպոլ. Ասիոյ Աղջկանց Ախոյեանութիւն. Այսօր` Լիբանան-Սուրիա

Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան (Բ. դասակարգ) մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 9 նոյեմբերին, Ա. խմբակին մաս կազմող Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ազգային խումբը կը կատարէ մրցաշարքի իր երկրորդ մրցումը, երբ կը մրցի Սուրիոյ դէմ: Այսօրուան այս մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 16:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Լիբանան, որ իր կատարած առաջին մրցումին յաղթանակ մը արձանագրեց Իրանի դէմ,...

2022-ի Մոնտիալ.  Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային  Հաւաքականը Սկսաւ Իր Փորձերուն

2022-ի Մոնտիալ. Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Սկսաւ Իր Փորձերուն

Երէկ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը սկսաւ իր փորձերուն, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ` պատրաստուելու համար մօտերս 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին մասին կատարուելիք երկու մրցումներուն, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Առաջին փորձին իրենց մասնակցութիւնը բերին 15 ֆութպոլիստներ: Երէկ յետմիջօրէին կազմին միացան նաեւ 8 այլ ֆութպոլիստներ, մինչ Հենրիխ Մխիթարեան, Անտրէ Չալըշըր, Լուքաս Սելարայեան եւ Սարգիս Ադամեան կազմին կը...

Ճատրակ. «Կրանտ Սուիս»-ի Մրցաշարք.  Հայ Ճատրակ Խաղացողներուն Մէջ Լաւագոյն  Արդիւնքը Արձանագրեց Գաբրիէլ Սարգսեան

Ճատրակ. «Կրանտ Սուիս»-ի Մրցաշարք. Հայ Ճատրակ Խաղացողներուն Մէջ Լաւագոյն Արդիւնքը Արձանագրեց Գաբրիէլ Սարգսեան

Հայաստանը ներկայացնող ճատրակ խաղացողները աւարտեցին իրենց ելոյթները` «Կրանտ Սուիս»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքին գծով: Հայ ճատրակ խաղացողներուն մէջ լաւագոյն արդիւնքը արձանագրեց (10-րդ) Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականի անդամ Գաբրիէլ Սարգսեան, որ առաւելագոյն 11 կէտէն ապահովեց 7 կէտ: Իսկ 6,5-ական կէտ ապահովեցին Լեւոն Արոնեան (26-րդ) եւ Մանուէլ Պետրոսեան (17-րդ): Սամուէլ Տէր Սահակեան գրաւեց 37-րդ դիրքը (6 կէտ), Ռոպերթ Յովհաննիսեան` 48-րդ դիրքը (5,5 կէտ),...

Պասքեթպոլ. Ասիոյ Աղջկանց Ախոյեանութիւն.  Լիբանանի Ազգային Խումբը Յաղթեց  Իրանին` 66-64 Արդիւնքով

Պասքեթպոլ. Ասիոյ Աղջկանց Ախոյեանութիւն. Լիբանանի Ազգային Խումբը Յաղթեց Իրանին` 66-64 Արդիւնքով

Երէկ` կիրակի, 7 նոյեմբերին, Յորդանանի մայրաքաղաք` Ամմանի մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան (Բ. դասակարգ), Լիբանանի աղջկանց ազգային խումբը ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը, երբ 66-64 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Իրանի դէմ: Լիբանանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Այտա Պախոս (17 կէտ), մինչ Ռեպեքքա Աքըլ նշանակեց 15 կէտ: Նշենք, որ Լիբանան միջազգային դասաւորման մէջ դասուած է 53-րդ (Ասիոյ մէջ` 8-րդ), մինչ...

Page 448 of 1280 1 … 447 448 449 … 1,280

Արխիւներ