Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Լիբանանի փինկ փոնկի աղջկանց ախոյեանութիւնը:
18 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մրցումներուն, ՀՄԸՄ Պէյրութին մաս կազմող Լոռի Եահնիեան, իր արձանագրած բաւական տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ, յաջողեցաւ հանդիսանալ փոխախոյեան` աւարտականին դժուարութեամբ պարտութիւն մը կրելով Թալիա Ազարէն, 3-1 արդիւնքով:
Ան կիսաւարտականին յաղթեց Միրիամ Հապաշին:
Այստեղ տեղին է նշել, որ Լոռի Եահնիեան բաւական փայլուն ապագայ խոստացող մարզիկ մըն է եւ անպայման մօտիկ ապագային կրնայ այլ մրցաշարքերու ընթացքին դառնալ տիտղոսակիր:
Իսկ 21 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մրցումներուն դարձեալ ՀՄԸՄ Պէյրութին մաս կազմող Սեւան Չեքմէեան տիրացաւ պրոնզ մետալին` կիսաւարտականին 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով Քլարա Շըլելայէն:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ Պէյրութի աղջկանց խումբին մարզիչն է Լարա Քեչեպաշեան:
Կը շնորհաւորենք ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն ձեռք ձգած այս յաջողութիւնը: