Պարսելոնա վերադարձած 38 տարեկան պրազիլցի յետսապահ Տենի Ալվես պիտի ստանայ ամէնէն քիչ աշխատավարձը քաթալոնական ակումբի գլխաւոր խումբին մաս կազմող ֆութպոլիստներուն մէջ, այս մասին յայտնեց սպանական մարզական մամուլը:
Պայմանագիրը նախատեսուած է մինչեւ այս տարեշրջանի աւարտը:
Տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելու եւ խմբային նուաճումներու պարագային, Տենի Ալվես պիտի ստանայ յաւելեալ յաւելավճարներ:
Նշենք, որ երէկ ան ենթարկուեցաւ յաջող քննութիւններու:
Անոր շնորհահանդէսը` «Քամփ Նու» մարզադաշտին վրայ, տեղի պիտի ունենայ վաղը` չորեքշաբթի, 17 նոյեմբերին:
Ան մինչեւ յառաջիկայ յունուար պաշտօնական մրցումներու մասնակցելու իրաւունք չունի` նկատի ունենալով, որ ան իր պայմանագրութիւնը վաղաժամ խզեց պրազիլական Սան Փաուլոյի հետ: