Երէկ` կիրակի, 14 նոյեմբերին, Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանէն Պէյրութ վերադարձաւ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ազգային խումբը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Ասիոյ պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան (Բ. դասակարգ):
Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ լիբանանեան պատուիրակութիւնը դիմաւորեցին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի, ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք, ֆետերասիոնի անդամներ Հայկ Թապաքեան, Ղազի Պուսթանի, Էլի Խալիլ, մարզական լրագրողներ, մարզիկներուն ծնողներն ու ընտանեկան պարագաները, ինչպէս նաեւ համակիրներ:
Լիբանանի ազգային խումբը, որ աւարտականին յաղթանակ մը արձանագրեց հիւրընկալ երկրին` Յորդանանի դէմ, 80-40 արդիւնքով, այսպիսով տիտղոսակիր դառնալով յաջողեցաւ բարձրանալ Ա. դասակարգ, ուրկէ բացակայ էր 11 տարիէ ի վեր:
Այս առիթով, երէկ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շնորհաւորեց լիբանանցի մարզիկներուն արձանագրած այս բացառիկ յաջողութիւնը: