2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Թ. խմբակին մաս կազմող Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը, որ կատարեց իր 10-րդ եւ վերջին մրցումը, արձանագրեց 10-0 արդիւնքով յաղթանակ մը` Սան Մարինոյի դէմ:
Նախքան իր այս յաղթանակը արձանագրելը, Անգլիա արդէն իսկ ապահոված էր Քաթարի իր տոմսը:
Անգլիա վերջին անգամ 57 տարի առաջ` 1964-ին էր, որ այսպիսի արդիւնք մը արձանագրած էր Միացեալ Նահանգներու դէմ:
Այսպիսով, Հերի Քէյն, որ նշանակեց Անգլիոյ չորս կոլերը, այս տարուան ընթացքին նշանակեց իր 16-րդ կոլը:
Այս ցուցանիշով, ան հաւաքականին հետ կոլերու քանակով նոր մրցանիշ մը հաստատեց (տարուան մը ընթացքին):
Նախկին մրցանիշը (12 կոլ) անցեալին իրագործած էին Ճորճ Հիլսթըն (1908) եւ Տիքսի Քին (1927):