Քաթալոնական Պարսելոնային մաս կազմող արժանթինցի յառաջապահ Սերճիօ Ակուերօ շատ հաւանաբար աւարտէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը:
Նշուեցաւ, որ անոր սրտին գծով կատարուած յաւելեալ քննութիւնները ցոյց տուած են, որ խնդիրները շատ աւելի լուրջ են, քան ինչ որ յայտարարուած էր նախապէս:
33 տարեկան ֆութպոլիստը 30 հոկտեմբերին իր կազմին հետ կատարած մրցումին սրտի հարցեր ունենալուն պատճառով փոխադրուած էր հիւանդանոց: