Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Պրազիլի կրան փրին, որ կ՛իյնայ «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան 19-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:
Եօթը անգամ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած անգլիացի փորձառու վարորդ Լուիս Հեմիլթըն, հակառակ անոր որ այս կրան փրին սկսաւ 20-րդ դիրքին վրայէն, յաջողեցաւ դառնալ տիտղոսակիր` Պրազիլի մէջ:
Նշենք, որ ան այսպիսով արձանագրեց տարեշրջանի իր 6-րդ յաղթանակը եւ յաջողեցաւ իր եւ վարորդներու դասաւորման առաջին դիրքին վրայ գտնուող Մաքս Վերսթափենի միջեւ գտնուող կէտերու տարբերութիւնը նուազեցնել 14-ի:
Նետերլանտցի Վերսթափեն ցարդ արձանագրած է 9 յաղթանակ եւ իր տրամադրութեան տակ ունի 332,5 կէտ:
Իսկ խումբերու դասաւորման մէջ, Հեմիլթընի խումբը` Մերսետես, կը գրաւէ առաջին դիրքը` 521,5 կէտով: