Եւրոպայի գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Ժ. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ` կիրակի, 14 նոյեմբերին աւարտեց իր ելոյթները, երբ կատարեց իր 10-րդ մրցումը, Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալելով Գերմանիան:
Մրցումը վերջ գտաւ արդէն իսկ Մոնտիալի իր տոմսը ապահոված Գերմանիոյ յաղթանակով` 4-1 արդիւնքով, որ այսպիսով ապահովեց զտումի իր 27-րդ կէտը:
Իսկ Հայաստան, որ արձանագրեց 3 յաղթանակ, 3 հաւասարութիւն եւ 4 պարտութիւն, 12 կէտով միայն գրաւեց խմբակին չորրորդ դիրքը: Հայրենի կազմը նշանակեց 9 կոլ եւ իր բերդին մէջ ստացաւ 20 կոլ:
Երէկուան այս մրցումին Հայաստանի միակ կոլը նշանակեց, միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, 59-րդ վայրկեանին` փենալթիով:
Մակեդոնիա, որ Գերմանիոյ ետին գրաւեց երկրորդ դիրքը (18 կէտով), իրաւունք ստացաւ մասնակցելու փլէյօֆի մրցումներուն: