Հարաւային Ամերիկայի գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի 13-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Պրազիլ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Քոլոմպիան, արձանագրեց նուազագոյն արդիւնքով յաղթանակ մը:
Մրցումին միակ կոլը 72-րդ վայրկեանին նշանակեց ֆրանսական Լիոնի միջնապահ Լուքաս Փաքուեթա: Այս կոլին էսիսթը կատարեց Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Նէյմար:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այսպիսով հինգ անգամ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Պրազիլ ապահովեց Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը:
Մրցում մը նուազ կատարած Պրազիլ, որ ցարդ արձանագրած է 11 յաղթանակ եւ հաւասարութիւն մը, այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 34 կէտ: