Հայաստանի ֆութսալի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Երեւան, որ մրցեցաւ Հայաստանի պետական տնտեսագիտական համալսարանի խումբին դէմ, անոր հետ արձանագրեց 6-6 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Երեւանի արձանագրած այս հաւասարութենէն մեծագոյն օգտուողը հանդիսացաւ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Արարատ-Արմենիա, որ 15-4 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ֆալքոնսին, յաջողեցաւ իր եւ Երեւանի միջեւ կէտերու տարբերութիւնը նուազեցնել միայն կէտի մը:
Երեւան այժմ ունի 16 կէտ, Արարատ-Արմենիա` 15, մինչ Հայաստանի պետական տնտեսագիտական համալսարանի խումբը` 14 կէտ: