Ռումանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի երիտասարդ միջնապահ Էնես Սալի, որ նախորդ շաբաթավերջին Լիխթնշթայնի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (2022-ի Մոնտիալ, 2-0) դաշտ ներկայացաւ 82-րդ վայրկեանին, յաջողեցաւ եւրոպական նոր մրցանիշ մը հաստատել` իբրեւ ամէնէն երիտասարդ ֆութպոլիստը:
Ան 15 տարեկան եւ 264 օրական էր, երբ կատարեց իր առաջին պաշտօնական մրցումը:
Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր նորվեկիացի Մարթին Էտեկորին, որ Նորվեկիոյ հետ իր առաջին պաշտօնական մրցումը կատարած էր, երբ 15 տարեկան եւ 300 օրական էր: