Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան նախորդ շաբաթավերջին իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ օրին մէկը դարձեալ կը փափաքի վերադառնալ եւ մաս կազմել անցեալի իր ակումբին` Պորուսիա Տորթմունտին:
Ան ըսաւ, որ իրեն համար անմոռանալի եղած են Տորթմունտի հետ իր ունեցած օրերը եւ կարելի է ըսել, որ անոնք եղած են ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին հրաշալի ժամանակները:
Նշենք, որ 32 տարեկան ֆութպոլիստին գործող պայմանագրութիւնը այժմու իր ակումբին` Ա. Էս. Ռոմայի հետ կ՛աւարտի այս տարեշրջանի աւարտին: