Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հուփս-ՀՄԸՄ մրցումը:
Հուփս, որ կրած է երկու պարտութիւն, արձանագրեց իր երրորդ յաղթանակը` 80-67 արդիւնքով (18-10, 24-7,20-24 եւ 18-26):
Իսկ ՀՄԸՄ, որ յետաձգուած մրցում մը ունի կատարելիք Ռիատիի դէմ, կրեց իր չորրորդ պարտութիւնը:
Նշենք, որ մրցումին տեւողութեան, Հուփս նոյնիսկ ունեցաւ 27 կէտի առաւելութիւն մը (55-28):
ՀՄԸՄ-էն 19 կէտ նշանակեց Քարիմ Ժըտայել, մինչ Հուփսէն նոյնքան կէտ նշանակեց Ժորժ Շուէյրի:
Այս հանգրուանին ծիրին մէջ այսօր Աթլաս կը հիւրընկալէ Անդրանիկը, ժամը 16:50-ին, իսկ վաղը, Սաժես` Տինամոն (նոյն ժամուն):