Սիմոնա Հալեփ Դուրս Մնաց
Մրցաշարքէն
Տղոց աշխարհի թենիսի միջազգային դասաւորման երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող ռուս թենիսմեն Տանիիլ Մետվետեւ, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Աւստրալիոյ կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին, երէկ ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը, երբ Դ. հանգրուանին գծով իր կատարած մրցումին, 6-2, 7-6, 6-7 եւ 7-5 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ամերիկացի Մաքսիմ Քրեսին:
Անոնց միջեւ այս ճակատումը տեւեց 3 ժամ եւ 27 վայրկեան:
Մետվետեւ, որ կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքերուն գծով 6-րդ անգամ ըլլալով կը հասնի այս հանգրուանին, քառորդ աւարտականին իրեն մրցակից պիտի ունենայ քանատացի Ֆելիքս Օժէ-Ալիասիմը, որ մրցաշարքէն դուրս ձգեց 27-րդ դասուած խրուաթ Մարին Սիլիչը:
Սակայն քառորդ աւարտականի իր տոմսը չկրցաւ ապահովել 14-րդ դասուած ռումանացի Սիմոնա Հալեփ, որ մրցաշարքէն դուրս մնաց պարտութիւն մը կրելէ ետք ֆրանսացի Ալիզէ Քորնէյէն` 4-6, 6-3 եւ 4-6 արդիւնքով:




