Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ իտալական Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան երէկ տօնեց իր ծննդեան 33-րդ տարեդարձը:
Ան այս առիթով ստացաւ բազմաթիւ շնորհաւորանքներ:
Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը Փիւնիկ Երեւանի հետ սկսած Մխիթարեան մաս կազմած է աւելի քան հինգ ակումբներու:
10 անգամ Հայաստանի տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը ընտրուած Մխիթարեան կը հանդիսանայ Հայաստանի լաւագոյն ռմբաձիգը:
Նշենք, որ ան ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի բարի կամեցողութեան դեսպանն է Հայաստանի մէջ: