Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, վաղը` կիրակի, 23 յունուարին կը կատարէ տարեշրջանի իր հինգերորդ մրցումը, երբ կը ճակատի Զամալեք Շըհիմի դէմ:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Մապարրայի դաշտին վրայ:
Ցարդ տեղի ունեցած մրցումներուն, ՀՄԸՄ արձանագրած է երեք յաղթանակ եւ հաւասարութիւն մը:
Կ՛ակնկալուի, որ խումբին մարզիկները նոյն այս ընթացքով շարունակեն իրենց ելոյթները մինչեւ ախոյեանութեան աւարտը, որպէսզի կարելի ըլլայ բարձրանալ Գ. դասակարգ:
Ստորեւ` խումբին մարզիկներուն անունները.
Յովիկ Գէորգեան, Բենիամին Պապիկեան, Սաժետ Պելշ (բերդապահներ), Նարեկ Քէօֆթեան, Վարդան Պոյաճեան, Յարութ Յակոբեան, Սագօ Աբգար, Յակոբ Գուճանեան, Միքայէլ Սաատ, Մամաս Գեհէեան, Հրակ Տիգրան Անգապապեան, Յակոբ Թորոսեան, Էլիօ Շաքար, Պետրոս Թութիքեան, Ահմետ Շահուտ, Արամ Աբրահամեան, Ռազմիկ Մանաքեան, Մոսիկ Գըլընճեան, Գրիգոր Աւետիսեան, Մարք Պու Սլէյման, Ալի Թապպարա, Աքրամ Քանպուր, Ճորճ Յակոբեան, Յակոբ Գասամանեան, Ֆատի Աֆիֆ, Կրեկ Փանոսեան, Ճօ Պու Ռըժէյլի, Սարգիս Գոգոզեան, Մանօ Աբեքճեան, Յակոբ Օհանեան, Ատիպ Քարքաֆի, Շանթ Գրատուլեան եւ Յակոբ Տօնապետեան (մարզիչ-մարզիկ):
Խումբին վարչական պատասխանատուն է` Երջանիկ Մաքասճեան, իսկ օգնական մարզիչները` Սերժ Օսգեան եւ Արա Մաթոսեան: