Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 23 յունուարին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը կը կատարէ տարեշրջանի իր վեցերորդ մրցումը, երբ Լուէյզիի դաշտին վրայ (Զուք Մոսպեհ) հիւրը կ՛ըլլայ դաշտին տիրոջ, երեկոյեան ժամը 18:00-ին:
ՀՄԸՄ, որ ցարդ արձանագրած է չորս յաղթանակ եւ կրած պարտութիւն մը, 12 կէտով կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը:
Ստորեւ` խումբին մարզիկներուն անունները.
Խաչիկ Նորաշխարհեան, Խաչիկ Գերպապեան, Ղասսան Հըլու, Սերժ Մելիքեան, Աւագ Պալապանեան, Տիգօ Վարդան, Ալեք Ալճեան, Ժորժ Ֆարահ, Վաչէ Ղուկասեան, Քամալ Արաժ, Ճոյ Նատեր, Հիւսէյն Զէյն, Հասան Պեժուք, Մահմուտ Ռամատան, Ներսէս Քիւլխանճեան եւ Խաչիկ Սրապեան:
Իսկ խումբին մարզիչն` Ճոնի Քութանի:



