Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Վահրամ Թումանեան երէկ հիւրընկալեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Մելիքբէկեանը եւ ֆետերասիոնի փոխնախագահ` Արմէն Նիկողոսեանը:
Նկատի ունենալով, որ ֆետերասիոնը այս տարի կը տօնէ իր հիմնադրութեան 30-ամեակը, ֆետերասիոնը Թումանեանին յանձնեց պաշտօնական հրաւէր մը, որպէսզի ան ներկայ գտնուի տարուան ընթացքին կատարուելիք բոլոր միջոցառումներուն:
Քննարկուեցան տարբեր տեսակի հարցեր, որոնցմէ սակայն կարեւորագոյնը եղաւ ազգային մարզադաշտի կառուցման հարցը: