Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Ռեքս Կալամեան պաշտօնապէս նշանակուեցաւ Հայաստանի պասքեթպոլի տղոց ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ:
Նշուեցաւ, որ Հայաստանի ֆետերասիոնը բաւական յաջող ձեւով աւարտեց իր բանակցութիւնները` «ԷՆ.ՊԻ.ԷՅ.»-ի մասնագէտ Կալամեանի հետ:
Ներկայիս Տիթրոյիթ Փիսթընզի մարզիչ` Կալամեան, 30 տարուան փորձառութիւն ունի «ԷՆ.ՊԻ.ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մէջ:
Հայազգի մասնագէտին գլխաւորութեամբ Հայաստան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Եւրոպայի փոքր երկիրներու պասքեթպոլի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 28 յունիսէն 3 յուլիս, Մալթայի մէջ: