Հայաստանի 2022 տարուան ախոյեանութեան մասնակիցներէն Զաւէն Անդրէասեան պիտի չշարունակէ իր ելոյթները, այս մասին յայտնեց նոյնինքն հայրենի կրանտմասթըրը:
Զաւէն Անդրէասեան վարակուած է «Քորոնա» ժահրով:
«Դժբախտաբար կու գամ ըսելու, որ պիտի քաշուիմ այս ախոյեանութենէն: Թէեւ ինքզինքս լաւ կը զգամ, սակայն դրական արդիւնք ունենալով, իրաւունք չունիմ ախոյեանութիւնը շարունակել», ըսաւ ան:
Ան ախոյեանութեան գծով կատարեց եօթը հանդիպում:



