Ուքրանահայ կիսամիջին քաշային կարգի կռփամարտիկ Կարէն Ջուխաջեան, որ նախորդ շաբաթավերջին յաղթեց անգլիացի Ռայըն Մարթինի, հանդիսացաւ «Այ. Պի. Էֆ.» Ինթըր Քոնթինենթալի ախոյեան:
25 տարեկան Ջուխաջեան իր մրցակիցին յաղթեց նաքաութով, 8-րդ ռաունտին:
Անոնց միջեւ այս մրցումը կատարուեցաւ գերմանական Քարլսրուհէ քաղաքին մէջ, «Ֆէյշըր Սփոր Մենէյճմընթ» կռփամարտի երեկոյին ընթացքին:
Նշենք, որ Ջուխաջեան իր վերջին մենամարտը կատարած էր նախորդ տարուան յուլիսին` յաղթելով Ռոպերթօ Արիասին (Նիքարակուա):



