Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 23 յունուարին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, կատարեց տարեշրջանի իր վեցերորդ մրցումը, երբ Լուէյզիի դաշտին վրայ (Զուք Մոսպեհ) հիւրը եղաւ դաշտին տիրոջ:
ՀՄԸՄ, որ ցարդ արձանագրած էր չորս յաղթանակ եւ կրած պարտութիւն մը, արձանագրեց իր հինգերորդ յաղթանակը` 4-2 արդիւնքով:
ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Մահմուտ Ռամատան (2 կոլ), Ալեք Ալճեան եւ Վաչէ Ղուկասեան:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, ՀՄԸՄ այժմ 15 կէտով կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 15 կէտ:
Իսկ վերջին դիրքին վրայ գտնուող Լուէյզի, որ ցարդ առանց յաղթանակի է, ունի միայն կէտ մը: