4-20 փետրուարին Պէյճինկի մէջ (Չինաստան) տեղի պիտի ունենան 2022-ի ձմեռնային ողիմպիական խաղերը:
Երէկ` ուրբաթ, 21 յունուարին պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ «Պէյճինկ-2022»-ի ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն կրակի փոխանցավազքը տեղի պիտի ունենայ 2-4 փետրուարին:
Նշուեցաւ, որ այս փոխանցավազքին պիտի մասնակցին շուրջ 50 ջահակիրներ:
Այս խաղերուն ջահը Աթէնքէն Չինաստանի մայրաքաղաք Պէյճինկ բերուեցաւ նախորդ 20 հոկտեմբերին:
Այսպիսով, Պէյճինկ կը դառնայ աշխարհի առաջին քաղաքը, որ կը հիւրընկալէ թէ՛ ամառնային ողիմպիականի խաղերը (2008) եւ թէ՛ ձմեռնային ողիմպիական խաղերը: