Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի դարձի մրցումին, լոնտոնեան Արսենալի դէմ իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ (2-0), Լիվըրփուլ թէեւ ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, սակայն ատկէ բացի, անիկա յաջողեցաւ մրցանիշ մըն ալ հաստատել:
Եիւրկըն Քլոփի գլխաւորած կազմը ցարդ կը հանդիսանայ անգլիական միակ ակումբը, որ այս մրցաշարքի աւարտականին կը մասնակցի 13-րդ անգամ ըլլալով:
Լիվըրփուլ, որ այս մրցաշարքի տիտղոսին տիրացած է 8 անգամ, աւարտականին իր դէմ պիտի ունենայ լոնտոնեան այլ կազմ մը` Չելսին:
Նշենք, որ այս մրցումը պիտի կատարուի կիրակի: 27 փետրուարին, «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին վրայ: