Անգլիական մարզական մամուլին համաձայն, Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Աթլեթիքօ Մատրիտին մաս կազմող ուրուկուէյցի 34 տարեկան յառաջապահ Լուիս Սուարեզ կը փափաքի ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել Ասթոն Վիլայի հետ, որուն գլխաւոր մարզիչն է Սթիվըն Ժերար:
Անոնք երկուքը իրարու խմբակից եղած են Լիվըրփուլի հետ:
Նշենք, որ անոր պայմանագրութիւնը մատրիտեան կազմին հետ նախատեսուած է մինչեւ յունիս:
Ան այս տարեշրջանին իր ակումբին հետ ցարդ կատարած է 27 մրցում, նշանակած 9 կոլ եւ կատարած 2 էսիսթ:



