Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ եւ դարձի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-Սաժես մրցումը:
Սաժես, որ երթի մրցումին յաղթած էր ՀՄԸՄ-ին, երէկ կրկնեց իր յաղթանակը, այս անգամ` 80-71 արդիւնքով (22-19, 22-17, 13-20 եւ 14-24):
Հակառակ անոր որ կիսախաղի դադարին ՀՄԸՄ ունեցաւ 8 կէտի առաւելութիւն մը, սակայն վերջին երկու քորթըրներուն, մանաւանդ` վերջինին, հիւր կազմը աւելի կէտ նշանակելով տարաւ վերջնական յաղթանակը:
Նշենք, որ մրցումին տեւողութեան, ՀՄԸՄ երկու առիթով ունեցաւ տասը կէտի առաւելութիւն մը (17-8 եւ 46-36):
ՀՄԸՄ-ի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Տանիել Պաղտատեան (24 կէտ), մինչ անոր խմբակից Էլիօ Սաատ տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (14 կէտ, 12 ռիպաունտ):
Իսկ Սաժեսէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ազիզ Ապտել Մասիհ (23 կէտ):
ՀՄԸՄ-ի յաջորդ մրցակիցն է Աթլաս Ֆըրզոլ: