Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին կայքը կը տեղեկացնէ, որ երէկ 66 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացաւ Հայաստանի վաստակաւոր մարզիչ, ողիմպիական խաղերու ըմբշամարտի մրցաշարքերու նկատի առնուած, միջազգային կարգի անուանի իրաւարար Սամուէլ Յարութիւնեան:
Նշուեցաւ, որ անոր յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ վաղը` կիրակի, 23 յունուարին, Նուբարաշէնի մէջ: