Մարզական

Պայէրն Միւնիխ Ամրան Ընթացքին Շատ Հաւանաբար Ծախէ Լեւանտովսքին

Պայէրն Միւնիխ Ամրան Ընթացքին Շատ Հաւանաբար Ծախէ Լեւանտովսքին

Գերմանիոյ ֆութպոլի գործող ախոյեան Պայէրն Միւնիխ շատ հաւանաբար ամրան ընթացքին ծախէ լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքին, եթէ չկարենայ անոր հետ համաձայնութիւն մը գոյացնել պայմանագիրի երկարաձգման գծով, յայտնեց գերմանական «Սփոր Պիլտ»-ը: 33 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը միւնիխեան կազմին հետ նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2023: Այդ պայմանագիրը երկարաձգելու գծով կողմերը ցարդ որեւէ խօսակցութիւն չեն ունեցած: Ըստ շրջան ընող լուրերուն, շատ հաւանական է, որ չորս...

Թենիս. Աւստրալիոյ Կրան Շլեմի Ախոյեանութիւն.  Էնտի Միւրէյ Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

Թենիս. Աւստրալիոյ Կրան Շլեմի Ախոյեանութիւն. Էնտի Միւրէյ Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

Աւստրալիոյ մէջ տեղի ունեցող թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան Բ. հանգրուանի շարք մը ճակատումներ: Թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին երեք կրան շլեմի տիտղոսներու տիրացած անգլիացի Էնտի Միւրէյ, որ երէկ մրցեցաւ ճափոնցի  Թարօ Տանիելիի դէմ (դասուած` 120-րդ), 4-6, 4-6 եւ 4-6 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով անկէ դուրս մնաց մրցաշարքէն: Անոնց միջեւ այս մրցումը տեւեց 2 ժամ...

Ճոքովիչ Գնեց «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Դեղ Արտադրող Ընկերութեան Բաժնետոմսերուն 80 Տոկոսը

Ճոքովիչ Գնեց «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Դեղ Արտադրող Ընկերութեան Բաժնետոմսերուն 80 Տոկոսը

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ սերպ թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչ գնեց «Քորոնա» ժահրին դէմ դեղ արտադրող դանիական «ՔուանթՊիօՌես» ընկերութեան բաժնետոմսերուն 80 տոկոսը: Տղոց թենիսի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ճոքովիչ նախորդ տարի երկու անգամ վարակուեցաւ «Քորոնա» ժահրով: Նկատի ունենալով, որ ան վերոնշեալ ժահրին դէմ չէր պատուաստուած, վտարուեցաւ Աւստրալիայէն` իր մասնակցութիւնը չբերելով կրան շլեմի այս միջազգային բաց մրցաշարքին, որուն տիրացած...

Նովաք Ճոքովիչ Կը Պատրաստուի Դատ Բանալ Աւստրալիոյ Կառավարութեան Դէմ

Նովաք Ճոքովիչ Կը Պատրաստուի Դատ Բանալ Աւստրալիոյ Կառավարութեան Դէմ

Իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին թենիսի 20 կրան շլեմի տիտղոսներու տիրացած եւ այժմ տղոց միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող սերպ անուանի թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչ կը պատրաստուի դատ բանալու Աւստրալիոյ կառավարութեան դէմ, այս մասին երէկ յայտնեց միջազգային մարզական մամուլը: Նշուեցաւ, որ ան Աւստրալիոյ կառավարութենէն պիտի պահանջէ 4,36 միլիոն ամերիկեան տոլար, ինչպէս նաեւ յաւելեալ 3,13 միլիոն ամերիկեան տոլար մրցանակային գումար` նկատի ունենալով,...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ-Սաժես

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ-Սաժես

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ եւ դարձի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 20 յունուարին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ-Սաժես ճակատումը: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 19:30-ին: Երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած երթի մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Ղազիրի մէջ` նախորդ 18 հոկտեմբերին, աւարտեցաւ Սաժեսի յաղթանակով, 99-62 արդիւնքով: Այս իրողութենէն մեկնելով`...

Ճատրակ. Հայաստանի Ախոյեանութիւն.  Աղջկանց Ախոյեանին Անունը Պիտի Վճռուի Վերջին Հանգրուանին

Ճատրակ. Հայաստանի Ախոյեանութիւն. Աղջկանց Ախոյեանին Անունը Պիտի Վճռուի Վերջին Հանգրուանին

Հայաստանի ճատրակի 2022 տարուան տղոց եւ աղջկանց ախոյեանութիւնները, որոնք տեղի կ՛ունենան Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ, կը մօտենան իրենց աւարտին: Տղոց 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն յաղթանակ արձանագրեցին Տիգրան Պետրոսեան, Հայկ Մարտիրոսեան եւ Մանուէլ Պետրոսեան: Իսկ Տէր Սահակեան-Սարգսեան եւ Գաբուզեան-Փաշիկեան հանդիպումները աւարտեցան հաւասարութեամբ: Այս հանգրուանէն ետք, այժմ պարագլուխի դիրքը 5,5 կէտով կը գրաւէ Մանուէլ Պետրոսեան: Սամուէլ Տէր Սահակեան եւ Շանթ Սարգսեան...

Թենիս.  Կարէն Խաչանով Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը Եւ Կը Մրցի Ռաֆայէլ Նատալի Դէմ

Թենիս. Կարէն Խաչանով Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը Եւ Կը Մրցի Ռաֆայէլ Նատալի Դէմ

Ռուսահայ Կարէն Խաչանով, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Աւստրալիոյ մէջ տեղի ունեցող թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին, երէկ արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը, երբ 6-4, 6-0 եւ 7-5 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ֆրանսացի Պենժամին Պոնզին: Անոնց միջեւ այս ճակատումը տեւեց 2 ժամ եւ 4 վայրկեան: Այս մրցաշարքին 28-րդ դասուած Խաչանով Գ. հանգրուանին պիտի ճակատի 20 կրան շլեմի մրցաշարքերու տիրացած եւ այս...

Կամօ Յովհաննիսեան Տեղափոխուեցաւ Ասթանա

Կամօ Յովհաննիսեան Տեղափոխուեցաւ Ասթանա

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Կամօ Յովհաննիսեան տեղափոխուեցաւ Ասթանա, այս մասին յայտնեց ղազախական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 29 տարեկան ֆութպոլիստին նախորդ ակումբն էր ղազախական Քայրաթը, որուն հետ անոր պայմանագրութիւնը աւարտած էր նախորդ 31 դեկտեմբերին: Վերոնշեալ թուականէն ետք ան դարձաւ ազատ ֆութպոլիստ: Նշենք, որ անոր կազմը այժմ ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարէ Թուրքիոյ մէջ:

Կիպրական Ֆութպոլ. Անորթոսիս Յաղթեց. Համբարձումեան` Կոլի Հեղինակ

Կիպրական Ֆութպոլ. Անորթոսիս Յաղթեց. Համբարձումեան` Կոլի Հեղինակ

Կիպրոսի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին 1-8-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Անորթոսիս, որ երէկ հիւրը եղաւ Փաֆոսին, արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմին երկրորդ կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Յովհաննէս Համբարձումեան` 71-րդ վայրկեանին: Նշենք, որ Համբարձումեան իր մասնակցութիւնը բերաւ ամբողջ մրցումին:

Ռուսիա Կը Մտադրէ Հիւրընկալել «Եւրօ-2032»-ը

Ռուսիա Կը Մտադրէ Հիւրընկալել «Եւրօ-2032»-ը

Ռուսական մարզական մամուլին համաձայն, Ռուսիա կը մտադրէ իր թեկնածութիւնը առաջադրել` հիւրընկալելու համար «ԵՒՐՕ-2032»-ը: «ԵՒՐՕ-2024»-ը պիտի հիւրընկալէ Գերմանիա, մինչ «ԵՒՐՕ-2028»-ը հիւրընկալելու համար առաջարկ ներկայացուցած են Պուլկարիա, Ռումանիա, Յունաստան-Սերպիա (միատեղ) եւ Թուրքիա: Նշենք, որ Ռուսիա 2018-ին հիւրընկալեց աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը` Մոնտիալը, 11 քաղաքներու մէջ:  

Պարսելոնայի Ֆութպոլիստը Վիրաբուժութեան Ենթարկուեցաւ

Պարսելոնայի Ֆութպոլիստը Վիրաբուժութեան Ենթարկուեցաւ

Քաթալոնական Պարսելոնային մաս կազմող ֆրանսացի յառաջապահ Սամուէլ Ումթիթի, որ աջ ոտքի կոտրուածքի պատճառով վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ, ֆութպոլի դաշտերէն պիտի բացակայի երեք ամիս, յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ան վիրաւորուեցաւ այս շաբաթասկիզբին` իր կազմին հետ կատարած փորձերուն ընթացքին: Նախորդ շաբաթ Պարսելոնա իր 28 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը  երկարաձգեց մինչեւ յունիս 2026: Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ընթացիկ տարեշրջանին ան ցարդ իր կազմին հետ կատարած է...

Ռոնալտօ Կը Քննարկէ Մանչեսթըր Եունայթըտի Հետ Պայմանագիրի Խզման Կարելիութիւնը

Ռոնալտօ Կը Քննարկէ Մանչեսթըր Եունայթըտի Հետ Պայմանագիրի Խզման Կարելիութիւնը

Մանչեսթըր Եունայթըտին մաս կազմող փորթուգալցի 36 տարեկան յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի ներկայացուցիչները անգլիական ակումբին հետ կը քննարկեն ֆութպոլիստին պայմանագրութեան հաւանական խզումը, այս մասին յայտնեց անգլիական մարզական մամուլը: Անոնք հանդիպեցան Ռիչըրտ Առնոլտի հետ, որ մանչեսթըրեան ակումբին գործադիր տնօրէնն է: Նշուեցաւ, որ Ռոնալտօ մտադիր է հեռանալ, եթէ գերմանացի Ռալֆ Ռենկնիքի գլխաւորած կազմը չյաջողի ապահովել «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին իր տոմսը: Ներկայիս «Փրեմիեր Լիկ»-ի...

Ճիամփաուլօ` Դարձեալ Սամտորիայի Մարզիչ

Ճիամփաուլօ` Դարձեալ Սամտորիայի Մարզիչ

Իտալիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգին մէջ ելոյթ ունեցող խումբերէն Սամտորիա երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Մարքօ Ճիամփաուլօ նշանակուեցաւ ակումբի գլխաւոր մարզիչ: 54 տարեկան մարզիչին պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2024 տարուան ամառը: Ճիամփաուլօ, որ նախապէս եղած է Սամտորիայի մարզիչ (2016-2019), փոխարինեց Ռոպերթօ Տաւերսան, որ նախորդ 17 յունուարին պաշտօնանկ եղաւ` խումբին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով: Սամտորիա այժմ 20 կէտով կը գրաւէ «Քալչիo»-ի դասաւորման 16-րդ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Պիպլոս-Հուփս` 60-85

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պիպլոս-Հուփս` 60-85

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ եւ դարձի Ա. հանգրուանի բացման մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ Պիպլոս-Հուփս ճակատումը: Անիկա աւարտեցաւ Հուփսի յաղթանակով` 85-60 արդիւնքով (16-19, 14-20, 19-21 եւ 11-25): Յաղթական կազմէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Հիշամ Հըլու (12 կէտ, 11 ռիպաունտ): Այս հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր ժամը 19:30-ին տեղի կ՛ունենայ Անիպալ Զահլէ-Աթլաս Ֆըրզոլ մրցումը:  

Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը  30 Տարեկան Է

Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը 30 Տարեկան Է

Երէկ` երեքշաբթի, 18 յունուարին, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը նշեց իր հիմնադրութեան 30-ամեակը: Ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ. «Սրտանց կը շնորհաւորենք բոլոր անոնց, որոնք 30 տարուան ընթացքին իրենց օգտակարութիւնը ունեցան ֆետերասիոնին: Բոլոր ֆութպոլիստներուն կը մաղթենք բազմաթիւ յաղթանակներ: 30-ամեակի կապակցութեամբ, այս տարուան ընթացքին տեղի պիտի ունենան բազմաթիւ միջոցառումներ, որոնց պիտի անդրադառնանք մօտիկ ապագային»:  

Փիւնիկ Ուսումնամարզական Հաւաք Մը Պիտի Կատարէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Մէջ

Փիւնիկ Ուսումնամարզական Հաւաք Մը Պիտի Կատարէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Մէջ

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ ելոյթ ունեցող խումբերէն Փիւնիկ Երեւան, նախապատրաստուելու համար 2021-2022 տարեշրջանի երկրորդ բաժինին, 19 յունուարէն 13 փետրուար ուսումնամարզական հաւաք մը պիտի կատարէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ: Այս ուսումնամարզական հաւաքին ընթացքին երեւանեան կազմը պիտի կատարէ նաեւ ֆութպոլի բարեկամական մրցումներ: Մրցակից խումբերուն անունները պիտի հրապարակուին աւելի ուշ: Նշենք, որ տարեշրջանի երկրորդ բաժինի Ա. հանգրուանի մրցումներուն, Փիւնիկ իրեն մրցակից պիտի...

Պէյճինկ.  Հայաստան Ձմեռնային Ողիմպիական Խաղերուն Պիտի Ունենայ Վեց Մասնակից

Պէյճինկ. Հայաստան Ձմեռնային Ողիմպիական Խաղերուն Պիտի Ունենայ Վեց Մասնակից

Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ Պէյճինկի ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն Հայաստանը պիտի ներկայացնեն վեց մասնակիցներ: Անոնք պիտի ըլլան Միքայէլ Միքայէլեան, Քաթիա Գալստեան, Անկելինա Մուրատեան, Յարութիւն Յարութիւնեան, ինչպէս նաեւ Թինա Կարապետեան-Սիմոն Սենեկալ զոյգը: Նշենք, որ միայն վերջին երկուքը ողիմպիականի արտօնագիր ունին:

Մեսսի Գերազանցեց  Փելէի Հաստատած Մրցանիշը

Մեսսի Բացակայ` Արժանթինի Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Կատարելիք Մրցումներէն

Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի, իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբին կատարելիք յաջորդ մրցումներուն, այս մասին յայտնեց Արժանթինի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ս. Ծննդեան արձակուրդի միջոցին Արժանթինի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած Մեսսի ցարդ բացակայ կը մնայ ֆութպոլի դաշտերէն: Այսպիսով, ան իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Չիլիի (28 յունուար) եւ Քոլոմպիոյ (2 փետրուար) տեղի ունենալիք 2022-ի...

Օպամեյանկ Սրտի Հետ Կապուած Խնդիրներու Պատճառով Կապոնի Ազգային Խումբէն Վերադարձաւ Արսենալ

Օպամեյանկ Սրտի Հետ Կապուած Խնդիրներու Պատճառով Կապոնի Ազգային Խումբէն Վերադարձաւ Արսենալ

Լոնտոնեան Արսենալին մաս կազմող յառաջապահ Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկ, որ իր երկրին` Կապոնի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ Քամերունի մէջ կը մասնակցէր ափրիկեան ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին, լքեց իր հաւաքականը` վերադառնալու համար Անգլիա: Կապոնի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ 32 տարեկան ֆութպոլիստը «Քորոնա» ժահրով վարակուելէն ետք սրտի հետ կապուած խնդիրներ սկսած է ունենալ: Նշուեցաւ, որ նախորդ 6 յունուարին անոր «Քորոնա» ժահրի քննութեան արդիւնքը...

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք Միւրէյի Եւ Ցիցիփասի Յաղթական Մեկնարկը

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք Միւրէյի Եւ Ցիցիփասի Յաղթական Մեկնարկը

Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան բազմաթիւ մրցումներ Ա. հանգրուանին գծով: Տղոց միջազգային դասաւորման չորրորդ դիրքը գրաւող յոյն Սթեֆանոս Ցիցիփաս ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը, երբ 6-2, 6-4 եւ 6-3 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Միքայէլ Եիմերին (Շուէտ): Մրցումը տեւեց 2 ժամ եւ 12 վայրկեան: Իր կարգին` յաղթանակ արձանագրեց անգլիացի Էնտի Միւրէյ, որ յաղթեց վրացի Նիքոլոզ Պասիլաշվիլիին (դասուած` 21-րդ)`...

Page 430 of 1280 1 … 429 430 431 … 1,280

Արխիւներ