Մարզական

Ալաշկերտ Միանգամայն Իր Կազմին  Միացուց 3 Նոր Ֆութպոլիստ

Ալաշկերտ Միանգամայն Իր Կազմին Միացուց 3 Նոր Ֆութպոլիստ

Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Ալաշկերտ-Երեւան երէկ միանգամայն իր կազմին միացուց երեք նոր ֆութպոլիստ: Ակումբը պայմանագրութիւն ստորագրեց տարեշրջանին առաջին բաժինը Վանի կատարած մրցումներուն մասնակցած Անդրանիկ Ոսկանեանի, Գագիկ Դաղբաշեանի եւ Վահագն Այվազեանի հետ: Նշենք, որ 31 տարեկան Ոսկանեան եւ Դաղբաշեան, նախապէս Ալաշկերտի հետ ելոյթ ունեցած են, մինչ 29 տարեկան Այվազեան առաջին անգամ ըլլալով պիտի կրէ ակումբին շապիկը:

Հայկական Ֆութպոլ.  Դաւիթ Եուրչենքօ Միացաւ Փիւնիկին

Հայկական Ֆութպոլ. Դաւիթ Եուրչենքօ Միացաւ Փիւնիկին

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի բերդապահ Դաւիթ Եուրչենքօ միացաւ Փիւնիկին, այս մասին յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 35 տարեկան Եուրչենքօ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին սկսաւ 2004-ին, Մոսկուայի Թիթան ակումբին հետ: Անոր վերջին ակումբը եղաւ Ալաշկերտ Երեւանը, որուն միացած էր յունուար 2021-ին: Նշենք, որ ան Հայաստանի հաւաքականին շապիկը կրած է 17 անգամ:  

Նէյմար Վերսկսաւ Իր Փորձերուն

Նէյմար Վերսկսաւ Իր Փորձերուն

Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար բաւական մօտ է ֆութպոլի դաշտերը վերադառնալու: Նշուեցաւ, որ մայրաքաղաքի ակումբին ղեկավարութիւնը 29 տարեկան ֆութպոլիստին արտօնութիւն տուած է վերսկսելու իր փորձերուն` նկատի ունենալով, որ ան գրեթէ ամբողջութեամբ ապաքինած է իր ստացած վնասուածքէն: Նշուեցաւ, որ փորձերու վերսկսած Նէյմար իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 15 փետրուարին Ռէալ Մատրիտի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին («Չեմփիընզ-Լիկ»): Ան նոյեմբեր...

Պարսելոնայի Յետսապահը  Վնասուածք Ստացաւ

Պարսելոնայի Յետսապահը Վնասուածք Ստացաւ

Քաթալոնական Պարսելոնային մաս կազմող յետսապահ` Քլեման Լանկլը վնասուածք ստացաւ սպանացի Չաւիի գլխաւորած խումբին փորձերուն ընթացքին: Ֆրանսացի 26 տարեկան ֆութպոլիստին ձախ ազդրին մկանը վնասուածք ստացած է եւ անոր ապաքինման ժամանակը ցարդ անորոշ է: Ընթացիկ տարեշրջանին ան իր ակումբին հետ կատարած է 16 մրցում` կատարելով էսիսթ մը:

Ռիպերի Կրնայ Աւարտել Ֆութպոլիստի  Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Ռիպերի Կրնայ Աւարտել Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Իտալական Սալերնիթանային մաս կազմող ֆրանսացի միջնապահ Ֆրանք Ռիպերի կրնայ ժամանակէն առաջ խզել իր պայմանագրութիւնը իր կազմին հետ եւ աւարտել ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը: 38 տարեկան Ռիպերի, որ սեպտեմբեր 2021-ին միացաւ Սալերնիթանայի, անոր հետ մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը պայմանագրութիւն մը ստորագրած է: Ան այս տարեշրջանին Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») իր կազմին հետ կատարեց 15 մրցում եւ 2 էսիսթ: 22-րդ հանգրուանի մրցումներէն...

Օպամեյանկ Եւ Տեմպելէ Մասնակցեցան  Պարսելոնայի Փորձերուն

Օպամեյանկ Եւ Տեմպելէ Մասնակցեցան Պարսելոնայի Փորձերուն

Լոնտոնեան Արսենալի նախկին ֆութպոլիստ, կապոնցի 32 տարեկան յառաջապահ Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկ երէկ մասնակցեցաւ Պարսելոնայի փորձերուն, այս մասին յայտնեց «Մունտօ Տեփորթիւօ»: Անգլիական ակումբը թէեւ իր պայմանագրութիւնը խզեց ֆութպոլիստին հետ, սակայն քաթալոնական ակումբը ցարդ պայմանագրութիւն մը չէ ստորագրած անոր հետ: Չաւիի գլխաւորած խումբին հետ երէկ փորձերուն մասնակցեցաւ նաեւ ֆրանսացի միջնապահ Ուսման Տեմպելէ, որ թէեւ չ՛ուզեր իր պայմանագրութիւնը երկարաձգել, սակայն ներկայիս կը հրաժարի այլ...

Պասքեթպոլ.  Լիբանան Կը Մասնակցի Արաբական  24-րդ Ախոյեանութեան

Պասքեթպոլ. Լիբանան Կը Մասնակցի Արաբական 24-րդ Ախոյեանութեան

8-16 փետրուարին Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի պիտի ունենայ Արաբական պասքեթպոլի տղոց 24-րդ ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ 9 երկիրներու ազգային խումբերուն: Այդ 9 երկիրներն են` Լիբանան, Ալճերիա, Յորդանան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Թունուզ, Սոմալի, Սուրիա, Մարոք եւ Լիպիա: Մրցումները տեղի պիտի ունենան Նասըր Իմարաթի մարզադաշտին վրայ: Լաւապէս պատրաստուելու համար այս մրցաշարքին, Լիբանանի ազգային խումբը շաբաթասկիզբին «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) սկսաւ...

Ֆութսալ.  Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը  Պարտուեցաւ Ռուսիայէն

Ֆութսալ. Հայաստան Կրկնեց Իր Յաղթանակը Իսրայէլի Դէմ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը երէկ կրկնեց իր յաղթանակը Իսրայէլի դէմ: Ռուբէն Նազարէթեանի գլխաւորած կազմը, որ իր նոյն մրցակիցին դէմ առաջին մրցումին արձանագրած էր 9-2 արդիւնքով յաղթանակ մը, երէկուան մրցումին յաղթեց 3-0 արդիւնքով: Իսրայէլի մէջ տեղի ունեցած բարեկամական այս երկրորդ մրցումին, հայրենի կազմին կոլերը նշանակեցին Տենիս Նեւետրով (9-րդ), Համլեթ Մանուկեան (14-րդ) եւ Լուան...

Մարմնամարզութիւն.  Հայաստանի Հաւաքականը Հաւաքի Մը  Սկսաւ Թիֆլիսի Մէջ

Մարմնամարզութիւն. Հայաստանի Հաւաքականը Հաւաքի Մը Սկսաւ Թիֆլիսի Մէջ

Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնը յայտնեց, որ տղոց աթլեթիզմի հաւաքականը յատուկ ուսումնամարզական հաւաքի մը սկսաւ Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ: Այս հաւաքին կը մասնակցին Յարութիւն Մերդինեան, Արթուր Դաւթեան, Արթուր Աւետիսեան, Գագիկ Խաչիկեան, Համլեթ Մանուկեան եւ Մամիկոն Խաչատրեան: Անոնց փորձերուն կը հսկեն գլխաւոր մարզիչ Յակոբ Սերոբեան, ինչպէս նաեւ մարզիչներ Հայկ Նազրեան եւ Աշոտ Գասպարեան: Երկու շաբաթ ետք, 15 փետրուարին...

2022-ի Մոնտիալի Զտումի Մրցաշարք.  Պրազիլի, Արժանթինի  Եւ Ուրուկուէյի Յաղթանակները

2022-ի Մոնտիալի Զտումի Մրցաշարք. Պրազիլի, Արժանթինի Եւ Ուրուկուէյի Յաղթանակները

Հարաւային Ամերիկայի գօտիին մէջ, երէկ 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի 16-րդ հանգրուանին գծով կատարուեցան հինգ մրցումներ: Ուրուկուէյ, որ հիւրընկալեց Վենեզուելլան, անոր դէմ արձանագրեց 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Էտինսոն Քաւանի եւ Լուիս Սուարեզ նշանակեցին մէկական կոլ` յաջորդաբար 45+1-րդ եւ 53-րդ (փենալթիով) վայրկեաններուն: Արդէն իսկ Քաթարի իրենց տոմսը ապահոված Պրազիլ եւ Արժանթին, իրենց կարգին յաղթանակ արձանագրեցին յաջորդաբար Փարակուէյի (4-0) եւ Քոլոմպիոյ դէմ (1-0):...

2022-ի Ձմեռնային Ողիմպիական Խաղեր.  Պէյճինկի Մէջ Սկսաւ Ջահին Փոխանցման Վազքը

2022-ի Ձմեռնային Ողիմպիական Խաղեր. Պէյճինկի Մէջ Սկսաւ Ջահին Փոխանցման Վազքը

Երէկ` չորեքշաբթի, 2 փետրուարին, Չինաստանի մայրաքաղաք Պէյճինկի մէջ սկսաւ 2022-ի ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն ջահին փոխանցման վազքը: Հազարէն աւելի ջահակիրներ ջահը պիտի տանին Չինաստանի մայրաքաղաքին ամէնէն անուանի պատմական եւ տեսարժան վայրերը: Այդ ջահին փոխանցման վազքը պիտի տեւէ երեք օր: Խաղերուն բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 4 փետրուարին, Պէյճինկի ազգային այն մարզադաշտին վրայ («Տը Պըրտ'ծ Նեսթ»), ուր 2008-ին տեղի ունեցաւ...

«Պէյճինկ-2022».  Ողիմպիականի Ճաշարանին Մէջ Ճաշը  Պիտի Մատուցեն` Մարդամեքենաները

«Պէյճինկ-2022». Ողիմպիականի Ճաշարանին Մէջ Ճաշը Պիտի Մատուցեն` Մարդամեքենաները

Չինական մարզական մամուլին համաձայն, Պէյճինկի 2022-ի ողիմպիականի գլխաւոր ճաշարանին մէջ ճաշը պիտի մատուցեն... մարդամեքենաները: Կազմակերպիչները այս քայլով կը փորձեն մեղմացնել ողիմպիականի խաղերուն ընթացքին «ՔՈՎԻՏ-19»-ի վտանգը: Ինչպէս սնունդի մատակարարումը, այդպէս ալ պնակներու եւ գաւաթներու հաւաքումը եւս պիտի վստահուի այդ մարդամեքենաներուն:

2022-ի Մոնտիալ. Ասիոյ Գօտի. Լիբանանի Ֆութպոլի Ազգային Խումբին  Ոչ Համոզիչ Հաւասարութիւնը` Իրաքի Հետ

2022-ի Մոնտիալ. Ասիոյ Գօտի. Լիբանանի Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Ոչ Համոզիչ Հաւասարութիւնը` Իրաքի Հետ

Երէկ` երեքշաբթի, 1 փետրուարին, Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը, որ Սայտայի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հիւրընկալեց Իրաքը, անոր հետ արձանագրեց` 1-1 արդիւնքով ոչ համոզիչ հաւասարութիւն մը: Նշենք, որ այս մրցումը կ՛իյնայ Ասիոյ գօտիին մէջ կատարուող 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ (Ա. խմբակ): Հիւր կազմը մրցումին 39-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կոլը, շնորհիւ Այման Հիւսէյնի, մինչ Ա. կիսախաղի կորսուած վայրկեաններուն (45+2-րդ) Մահեր Սապրա`...

Ֆութսալ.  Իսրայէլ-Հայաստան` 2-9

Ֆութսալ. Իսրայէլ-Հայաստան` 2-9

Ֆութսալի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը, որ երէկ հիւրը եղաւ Իսրայէլին, արձանագրեց ջախջախիչ յաղթանակ մը, 9-2 արդիւնքով (կիսախաղ` 4-1): Հայրենի կազմին կոլերը նշանակեցին` Լուքաս Ռոզենսքի (7-րդ), Վիթինիօ (13-րդ), Արթուր Մելքոնեան (15-րդ եւ 31-րդ), Նիքիթա Խրոմիխ (18-րդ), Տեմիս Նեւետրով (23-րդ), Գարեգին Մաշումեան (29-րդ եւ 36-րդ) եւ Ռաֆիկ Մելիքեան (33-րդ): Հիւրընկալ կազմը իր կոլերը նշանակեց 14-րդ եւ 26-րդ...

Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Աղջկանց Հաւաքականը Սկսաւ Մարզական Հաւաքի Մը

Հայաստանի Ֆութպոլի Աղջկանց 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Հաւաք Մը Պիտի Կատարէ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի աղջկանց 19 տարեկանէն վար հաւաքականը հաւաք մը պիտի կատարէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ, 2-4 փետրուարին: Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է` Գագիկ Տէր-Գէորգեան:  

ՖԻՏԷ.  Հայաստանի Երկու Ներկայացուցիչ`  Առաջին Հարիւրին Մէջ

ՖԻՏԷ. Հայաստանի Երկու Ներկայացուցիչ` Առաջին Հարիւրին Մէջ

Երէկ` երեքշաբթի, 1 փետրուարին, ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնը (ՖԻՏԷ) հրապարակեց միջազգային նոր դասաւորումը: Առաջին հարիւրին մէջ են Հայաստանի ճատրակի հաւաքականի անդամներ Գաբրիէլ Սարգսեան (56-րդ) եւ Հրանդ Մելքումեան (97-րդ): Պարագլուխի դիրքը կը շարունակէ գրաւել աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնուս Քարլսըն, մինչ Լեւոն Արոնեան, որ այսուհետեւ հանդէս պիտի գայ Միացեալ Նահանգներու դրօշին տակ, առաջին տասնեակին մէջ է:  

Սարգիս Ադամեան Միացաւ Պելճիքայի  Ֆութպոլի Ախոյեանին

Սարգիս Ադամեան Միացաւ Պելճիքայի Ֆութպոլի Ախոյեանին

Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականի միջնապահ Սարգիս Ադամեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Պելճիքայի մէջ` նկատի ունենալով, որ ան ունեցաւ իր նոր ակումբը: Ան մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը փոխ տրուեցաւ Պելճիքայի ֆութպոլի ախոյեան Ֆ. Ք. Պրիւժին: Նախքան Պելճիքա տեղափոխուիլը, ան մաս կը կազմէր գերմանական Հոֆընհայմին:

Ծանրաբարձութիւն.  Հռիփսիմէ Խուրշուդեան`  Հայաստանի Ախոյեան

Ծանրաբարձութիւն. Հռիփսիմէ Խուրշուդեան` Հայաստանի Ախոյեան

«Արհամարհանքը ինծի ստիպեց, որպէսզի վերադառնամ մրցասպարէզ: Վերադարձած եմ, որպէսզի Հռիփսիմէ Խուրշուդեանի անունը դարձեալ թնդայ», այս եղաւ խօսքը նախապէս Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեան հանդիսացած Հռիփսիմէ Խուրշուդեանին: Երէկ տեղի ունեցած Հայաստանի աղջկանց ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան, 34 տարեկան Խուրշուդեան 6 տարուան ընդմիջումէ մը ետք վերադառնալով դարձեալ հանդիսացաւ Հայաստանի ախոյեան: Նշենք, որ երկու զաւակներու մայրը մրցասպարէզէն կը բացակայէր 2016-էն` Եւրոպայի ախոյեանութենէն ի վեր:  

2022-ի Մոնտիալ.  Հարաւային Քորէա Յաջորդաբար  10-րդ Անգամ Ըլլալով Ապահովեց  Աւարտական Հանգրուանի Իր Տոմսը

2022-ի Մոնտիալ. Հարաւային Քորէա Յաջորդաբար 10-րդ Անգամ Ըլլալով Ապահովեց Աւարտական Հանգրուանի Իր Տոմսը

Երէկ` երեքշաբթի, 1 փետրուարին Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունեցան 2022-ի Մոնտիալի զտումի հանգրուանի բազմաթիւ մրցումներ: Հարաւային Քորէա, որ Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) մրցեցաւ Սուրիոյ դէմ, արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Հարաւային Քորէա, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, այսպիսով յաջորդաբար 10-րդ անգամ ըլլալով ապահովեց Մոնտիալի աւարտական հանգրուանի իր տոմսը: Փորթուգալցի Փաուլօ Պենթոյի գլխաւորած կազմին...

Ֆրանսական Ֆութպոլ.  Փարիզ Սեն Ժերմեն Դուրս Մնաց  Բաժակի Մրցաշարքէն

Ֆրանսական Ֆութպոլ. Փարիզ Սեն Ժերմեն Դուրս Մնաց Բաժակի Մրցաշարքէն

Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, յստակացան քառորդ աւարտականին հասնող խումբերը: Նիս ստեղծեց մեծ անակնկալ մը, երբ մրցաշարքէն դուրս ձգեց աստղերով հարուստ Փարիզ Սեն Ժերմենը: Մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան 0-0 արդիւնքով, այնուհետեւ ուղղակի դիմուեցաւ փենալթիներու: Քոթ տ՛Ազիւրի խումբը` Նիս, ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը` արձանագրելով 6-5 արդիւնքով յաղթանակ մը: Քառորդ աւարտականին Նիս իր դէմ պիտի ունենայ...

Page 425 of 1280 1 … 424 425 426 … 1,280

Արխիւներ