Երէկ` երեքշաբթի, 1 փետրուարին, Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը, որ Սայտայի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հիւրընկալեց Իրաքը, անոր հետ արձանագրեց` 1-1 արդիւնքով ոչ համոզիչ հաւասարութիւն մը:
Նշենք, որ այս մրցումը կ՛իյնայ Ասիոյ գօտիին մէջ կատարուող 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ (Ա. խմբակ):
Հիւր կազմը մրցումին 39-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կոլը, շնորհիւ Այման Հիւսէյնի, մինչ Ա. կիսախաղի կորսուած վայրկեաններուն (45+2-րդ) Մահեր Սապրա` Լիբանանի հաւասարութեան կոլը:
Նշենք, որ արձանագրուած այս հաւասարութեան պատճառով, Լիբանանի համար բաւական դժուար առաքելութիւն մը եղաւ Ա. խմբակին երրորդ դիրքը գրաւելը:
Ոչ պաշտօնական լուրերու համաձայն, Լիբանանի Ֆութպոլի ֆետերասիոնը այսօր` չորեքշաբթի, 2 փետրուարին իր հրապարակելիք պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան ընդմէջէն շատ հաւանաբար պաշտօնանկ ընէ գլխաւոր մարզիչ Փեթրովիչը եւ Մոնտիալի զտումի վերջին երկու մրցումներուն համար (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Սուրիա) նշանակէ տեղացի մարզիչ մը:


