Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնը յայտնեց, որ տղոց աթլեթիզմի հաւաքականը յատուկ ուսումնամարզական հաւաքի մը սկսաւ Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ:
Այս հաւաքին կը մասնակցին Յարութիւն Մերդինեան, Արթուր Դաւթեան, Արթուր Աւետիսեան, Գագիկ Խաչիկեան, Համլեթ Մանուկեան եւ Մամիկոն Խաչատրեան:
Անոնց փորձերուն կը հսկեն գլխաւոր մարզիչ Յակոբ Սերոբեան, ինչպէս նաեւ մարզիչներ Հայկ Նազրեան եւ Աշոտ Գասպարեան:
Երկու շաբաթ ետք, 15 փետրուարին հայրենիք վերադառնալէ ետք, անոնք պիտի մասնակցին Հայաստանի աթլեթիզմի ախոյեանութեան: