Չինական մարզական մամուլին համաձայն, Պէյճինկի 2022-ի ողիմպիականի գլխաւոր ճաշարանին մէջ ճաշը պիտի մատուցեն… մարդամեքենաները:
Կազմակերպիչները այս քայլով կը փորձեն մեղմացնել ողիմպիականի խաղերուն ընթացքին «ՔՈՎԻՏ-19»-ի վտանգը:
Ինչպէս սնունդի մատակարարումը, այդպէս ալ պնակներու եւ գաւաթներու հաւաքումը եւս պիտի վստահուի այդ մարդամեքենաներուն: