Երէկ` երեքշաբթի, 1 փետրուարին Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունեցան 2022-ի Մոնտիալի զտումի հանգրուանի բազմաթիւ մրցումներ:
Հարաւային Քորէա, որ Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) մրցեցաւ Սուրիոյ դէմ, արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Հարաւային Քորէա, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, այսպիսով յաջորդաբար 10-րդ անգամ ըլլալով ապահովեց Մոնտիալի աւարտական հանգրուանի իր տոմսը:
Փորթուգալցի Փաուլօ Պենթոյի գլխաւորած կազմին երկու անպատասխան կոլերը նշանակեցին Մին Ժայէ Քիմ (53-րդ) եւ Սհանկ-Հուն Քըոն (71-րդ):


