«Արհամարհանքը ինծի ստիպեց, որպէսզի վերադառնամ մրցասպարէզ: Վերադարձած եմ, որպէսզի Հռիփսիմէ Խուրշուդեանի անունը դարձեալ թնդայ», այս եղաւ խօսքը նախապէս Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեան հանդիսացած Հռիփսիմէ Խուրշուդեանին:
Երէկ տեղի ունեցած Հայաստանի աղջկանց ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան, 34 տարեկան Խուրշուդեան 6 տարուան ընդմիջումէ մը ետք վերադառնալով դարձեալ հանդիսացաւ Հայաստանի ախոյեան:
Նշենք, որ երկու զաւակներու մայրը մրցասպարէզէն կը բացակայէր 2016-էն` Եւրոպայի ախոյեանութենէն ի վեր:


