Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, յստակացան քառորդ աւարտականին հասնող խումբերը:
Նիս ստեղծեց մեծ անակնկալ մը, երբ մրցաշարքէն դուրս ձգեց աստղերով հարուստ Փարիզ Սեն Ժերմենը:
Մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան 0-0 արդիւնքով, այնուհետեւ ուղղակի դիմուեցաւ փենալթիներու:
Քոթ տ՛Ազիւրի խումբը` Նիս, ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը` արձանագրելով 6-5 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Քառորդ աւարտականին Նիս իր դէմ պիտի ունենայ Մարսէյը:
Նշենք, որ մրցումին իր մասնակցութիւնը բերաւ արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի, որ մայրաքաղաքի կազմին հետ դաշտ ներկայացաւ թիւ 10 մարզաշապիկով:
Քառորդ աւարտականի մնացեալ մրցումները պիտի ընթանան հետեւեալ ձեւով.
Մոնաքօ-Ամիեն, Նանթ-Պասթիա եւ Պերժերաք-Վերսայ:


