Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար բաւական մօտ է ֆութպոլի դաշտերը վերադառնալու:
Նշուեցաւ, որ մայրաքաղաքի ակումբին ղեկավարութիւնը 29 տարեկան ֆութպոլիստին արտօնութիւն տուած է վերսկսելու իր փորձերուն` նկատի ունենալով, որ ան գրեթէ ամբողջութեամբ ապաքինած է իր ստացած վնասուածքէն:
Նշուեցաւ, որ փորձերու վերսկսած Նէյմար իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 15 փետրուարին Ռէալ Մատրիտի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին («Չեմփիընզ-Լիկ»):
Ան նոյեմբեր 2021-էն ի վեր կը բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
Ընթացիկ տարեշրջանին ան իր ակումբին հետ կատարեց 14 մրցում, նշանակեց 3 կոլ եւ կատարեց 3 էսիսթ:


