8-16 փետրուարին Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի պիտի ունենայ Արաբական պասքեթպոլի տղոց 24-րդ ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ 9 երկիրներու ազգային խումբերուն:
Այդ 9 երկիրներն են` Լիբանան, Ալճերիա, Յորդանան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Թունուզ, Սոմալի, Սուրիա, Մարոք եւ Լիպիա:
Մրցումները տեղի պիտի ունենան Նասըր Իմարաթի մարզադաշտին վրայ:
Լաւապէս պատրաստուելու համար այս մրցաշարքին, Լիբանանի ազգային խումբը շաբաթասկիզբին «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) սկսաւ իր փորձերուն` գլխաւորութեամբ նոր մարզիչ Ժատ Հաժի: