Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականի միջնապահ Սարգիս Ադամեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Պելճիքայի մէջ` նկատի ունենալով, որ ան ունեցաւ իր նոր ակումբը:
Ան մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը փոխ տրուեցաւ Պելճիքայի ֆութպոլի ախոյեան Ֆ. Ք. Պրիւժին:
Նախքան Պելճիքա տեղափոխուիլը, ան մաս կը կազմէր գերմանական Հոֆընհայմին:


