Մարզական

Հայաստանի Ֆութպոլի 19 Տարեկանէն  Վար Հաւաքականը Մարզական  Հաւաք Մը Պիտի Կատարէ

Հայաստանի Ֆութպոլի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Մարզական Հաւաք Մը Պիտի Կատարէ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը 11-15 փետրուարին մարզական հաւաք մը պիտի կատարէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Այս հաւաքին ծիրին մէջ, հաւաքականը ֆութպոլի բարեկամական երկու մրցում պիտի կատարէ Ղազախստանի իր հասակակից կազմին դէմ, 14 եւ 16 փետրուարին: Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Վարազդատ Աւետիսեան:  

Մանչեսթըր Եունայթըտի Երկու  Ֆութպոլիստ Վարակուեցաւ «Քորոնա» Ժահրով

Մանչեսթըր Եունայթըտի Երկու Ֆութպոլիստ Վարակուեցաւ «Քորոնա» Ժահրով

«Սքայ Սփորթց» կը հաղորդէ, որ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի երկու ֆութպոլիստ` յետսապահ Ալեքս Թելես եւ միջնապահ Ֆրետ, վարակուեցան «Քորոնա» ժահրով: Անոնք երկուքը պիտի բացակային այսօր` երեքշաբթի, 8 փետրուարին Պառնլիի դէմ տեղի ունենալիք մրցումէն, որ կ՛իյնայ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 24-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ: Ընթացիկ տարեշրջանին Ֆրետ ցարդ իր կազմին հետ կատարած է 24 մրցում, իսկ Թելես` 12 մրցում:

Ափրիկեան Ֆութպոլի Ազգերու  Բաժակի Մրցաշարք.  Սենեկալ Իր Պատմութեան Մէջ Առաջին  Անգամ Ըլլալով Դարձաւ Տիտղոսակիր

Ափրիկեան Ֆութպոլի Ազգերու Բաժակի Մրցաշարք. Սենեկալ Իր Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Դարձաւ Տիտղոսակիր

Նախորդ շաբաթավերջին Քամերունի մէջ իր աւարտին հասաւ Ափրիկեան ֆութպոլի ազգերու բաժակի մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` Եգիպտոսի եւ Սենեկալի միջեւ: Իր պատմութեան մէջ Սենեկալ առաջին անգամ ըլլալով հանդիսացաւ տիտղոսակիր` փենալթիներով (4-2) յաղթելէ ետք Եգիպտոսին: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Սատիօ Մանէ, որ մաս կը կազմէ անգլիական Լիվըրփուլին, ընտրուեցաւ մրցաշարքին լաւագոյն մարզիկը: Ան 5 մրցումի ընթացքին նշանակեց 3 կոլ եւ կատարեց 2...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Ուաֆաա Ղըպէյրի` 1-2

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Ուաֆաա Ղըպէյրի` 1-2

Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 5 փետրուարին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, մրցեցաւ Ուաֆաա Ղըպէյրիի դէմ: Այս մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Շարքի դաշտին վրայ, վերջ գտաւ մրցակից կազմին յաղթանակով` 2-1 արդիւնքով: ՀՄԸՄ-ի միակ կոլը նշանակեց Յակոբ Գուճանեան: Պէտք է ըսել, որ ՀՄԸՄ գտնուեցաւ քիչ մը...

Ֆութսալ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Աւելի Ամրապնդեց  Պարագլուխի Իր Դիրքը

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Աւելի Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 5 փետրուարին, Էմիլ Լահուտի մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-«ԷՆ. ԷՍ. ՔԷՅ.» մրցումը: Այս մրցումին նախօրեակին, ՀՄԸՄ կը գրաւէր դասաւորման պարագլուխի դիրքը` 18 կէտով, երկու կէտով գերազանցելով նոյնինքն «ԷՆ. ԷՍ. ՔԷՅ.»-ը: Արձանագրելով տարեշրջանի իր 7-րդ յաղթանակը` 4-3 արդիւնքով, ՀՄԸՄ աւելի ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` իր տրամադրութեան...

«Պէյճինկ-2022».  Ողիմպիական Խաղերուն Առաջին Մետալին  Տիրացաւ Նորվեկիացի Թերեզ Եոհաուկ

«Պէյճինկ-2022». Ողիմպիական Խաղերուն Առաջին Մետալին Տիրացաւ Նորվեկիացի Թերեզ Եոհաուկ

Չինաստանի մայրաքաղաք Պէյճինկի մէջ 2022-ի 24-րդ ձմեռնային ողիմպիականի խաղերուն բացման ազդանշանին տրուելէն ետք, երէկ եւ նախանցեալ օր մարզիկներուն միջեւ սկսաւ պայքարը` մետալներու տիրանալու համար: Ողիմպիական խաղերուն առաջին ոսկի մետալին տիրացաւ նորվեկիացի Թերեզ Եոհաուկ, որ աղջկանց դահուկարշաւի սքիաթլոնի 7,5 քմ + 7,5 քմ մրցումներուն գրաւեց առաջին դիրքը: Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց Ռուսիոյ ողիմպիական կոմիտէին խումբը ներկայացնող Նաթալիա Նեփըրիայեւա, իսկ երրորդ...

«Լա Լիկա».  Պարսելոնայի Յաղթանակը` Ախոյեան  Աթլեթիքօ Մատրիտի Դէմ

«Լա Լիկա». Պարսելոնայի Յաղթանակը` Ախոյեան Աթլեթիքօ Մատրիտի Դէմ

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 23-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Պարսելոնա, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց երկրին գործող ախոյեան Աթլեթիքօ Մատրիտը, անոր դէմ արձանագրեց 4-2 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը: Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Ժորտի Ալպա (10-րդ), Կաւի (21-րդ), Ռոնալտ Արաուխօ (43-րդ) եւ Տենի Ալվես (49-րդ): Իր կոլը նշանակելէն 20 վայրկեան ետք, Ալվես կարմիր քարտ մը ստացաւ: Իսկ Աթլեթիքոյի կոլերը նշանակեցին Եաննիք Քարասքօ...

Փոկպա Կ՛ուզէ Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ  Ասպարէզը Շարունակել Ռէալ Մատրիտի Հետ

Փոկպա Կ՛ուզէ Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը Շարունակել Ռէալ Մատրիտի Հետ

Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան Ֆրանսայի ազգային խումբին մաս կազմող միջնապահ Փոլ Փոկպա կ՛ուզէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել Ռէալ Մատրիտի հետ, այս մասին յայտնեց անգլիական մարզական մամուլը: 28 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը մանչեսթըրեան ակումբին հետ կ՛աւարտի այս տարեշրջանի աւարտին, եւ ան մտադիր չէ այդ պայմանագիրը երկարաձգել: Ընթացիկ տարեշրջանին ան անգլիական ակումբին հետ ցարդ իր մասնակցութիւնը բերած է 13...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Ուաֆաա Ղըպէյրի

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Ուաֆաա Ղըպէյրի

Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ. 5 փետրուարին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, կը մրցի Ուաֆաա Ղըպէյրիի դէմ: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Շարքի դաշտին վրայ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:00-ին: Սկզբունքով այս մրցումը տեղի պիտի ունենար նախորդ շաբաթ, սակայն տեղատարափ անձրեւին պատճառով անիկա...

Ֆութսալ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ- «Էն. Էս. Քէյ.»

Ֆութսալ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ- «Էն. Էս. Քէյ.»

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 5 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-«ԷՆ. ԷՍ. ՔԷՅ.» մրցումը: Այս մրցումին նախօրեակին, ՀՄԸՄ կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը 18 կէտով` երկու կէտով գերազանցելով նոյնինքն «ԷՆ. ԷՍ. ՔԷՅ.»-ը: ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն տրամադրուած է փոխադրամիջոց, որ երեկոյեան ժամը 19:00-ին...

«Պէյճինկ-2022».  Չինաստանի Նախագահը 24-րդ Ձմեռնային  Ողիմպիականի Խաղերը  Պաշտօնապէս Յայտարարեց Բացուած

«Պէյճինկ-2022». Չինաստանի Նախագահը 24-րդ Ձմեռնային Ողիմպիականի Խաղերը Պաշտօնապէս Յայտարարեց Բացուած

Երէկ` ուրբաթ, 4 փետրուարին Չինաստանի մայրաքաղաք Պէյճինկի մէջ յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին Չինաստանի նախագահ Շի Ճին Փինկ 24-րդ ձմեռնային ողիմպիական խաղերը պաշտօնապէս յայտարարեց բացուած, իսկ ձմեռնային խաղերուն կրակով վազեցին երկու չինացի պատանի մարզիկներ: Հանդիսութիւնը սկսաւ պատմական անդրադարձով` ներկաներուն եւ պատկերասփիւռէն ուղղակի հետեւողներուն ներկայացնելով նախորդ` 23 ձմեռնային ողիմպիական խաղերը ընդունած երկիրները: Ապա սկսաւ պատուիրակութիւններուն մուտքը մարզադաշտ: Նշենք, որ այս խաղերուն իրենց...

Նաթալիա Ռոթենպերկ` Հայաստանի  Մարմնամարզութեան Ֆետերասիոնի  Փոխնախագահ

Նաթալիա Ռոթենպերկ` Հայաստանի Մարմնամարզութեան Ֆետերասիոնի Փոխնախագահ

Նախկին մարմնամարզիկ, պալէ պարող Նաթալիա Ռոթենպերկ նշանակուեցաւ Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնի փոխնախագահ եւ պիտի ղեկավարէ գեղարուեստական մարմնամարզութիւնը, այս մասին յայտնեց Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Այս լուրը հաղորդուեցաւ, երբ տեղի ունեցաւ յատուկ հանդիպում Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ` ներկայութեամբ Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնի նախագահ Գագիկ Վանոյեանի եւ փոխնախարար Կարէն Գիլոյեանի: Այս հանդիպումէն առաջ տեղի ունեցած էր ֆետերասիոնին մէկ...

Ափրիկեան Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք.  Վաղը` Եգիպտոս-Սենեկալ Աւարտական Մրցումը

Ափրիկեան Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Վաղը` Եգիպտոս-Սենեկալ Աւարտական Մրցումը

Քամերունի մէջ տեղի ունեցող Ափրիկեան ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքը վաղը` կիրակի, 6 փետրուարին կը հասնի իր աւարտին, երբ տեղի կ՛ունենայ աւարտական մրցումը` Եգիպտոսի եւ Սենեկալի միջեւ: Կիսաւարտականին գծով իր կատարած մրցումին, Եգիպտոս փենալթիներով` 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց դաշտին տիրոջ դէմ: Մրցաշարքը հիւրընկալող կազմին երեք ֆութպոլիստները չյաջողեցան իրենց առաքելութեան մէջ եւ անոնց հարուածած փենալթիները չհասան իրենց նպատակին: Նշենք, որ մրցումին 90...

Սպանիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք Ռէալ Մատրիտ Դուրս Մնաց

Սպանիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք Ռէալ Մատրիտ Դուրս Մնաց

Աթլեթիք Պիլպաօ-Ռէալ Մատրիտ մրցումով ամբողջացան Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի հանդիպումները: Քարլօ Անչելոթթիի գլխաւորած կազմը, որ Պիլպաոյի մէջ հիւրընկալուեցաւ Աթլեթիք Պիլպաոյէն, 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով հրաժեշտ տուաւ մրցաշարքին: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց սպանացի յառաջապահ Ալեխանտրօ Պերենկեր, մրցումին աւարտէն վայրկեան մը առաջ: Քառորդ աւարտականի մնացեալ մրցումներուն արձանագրուած էին հետեւեալ արդիւնքները. Ռէալ Պեթիս-Ռէալ Սոսիետատ` 4-0, Վալենսիա-Քատիս` 2-1 եւ Ռայօ Վայեքանօ-Մայորքա`...

Հաալանտ Դէպի Ռէալ Մատրի՞տ

Հաալանտ Դէպի Ռէալ Մատրի՞տ

Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, Ռէալ Մատրիտ ամէն ջանք կը թափէ իր կազմին միացնելու Պորուսիա Տորթմունտին մաս կազմող նորվեկիացի միջազգային յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտը: Նշուեցաւ, որ արքայական ակումբին պատասխանատուները կապ հաստատած են Մինօ Ռայոլայի հետ, որ ֆութպոլիստին փոխանցման գործողութիւններով զբաղող անձն է (անոր գործերը վարողը): Հաալանտով հետաքրքրուած են նաեւ Պարսելոնա, Մանչեսթըր Սիթի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ:

Փիւնիկ Հաւասարութիւն Մը Արձանագրեց  Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Մէջ

Փիւնիկ Հաւասարութիւն Մը Արձանագրեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Մէջ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ մարզական հաւաք մը կատարող Փիւնիկ Երեւան երէկ իր երկրորդ հաւասարութիւնը արձանագրեց` 0-0 արդիւնքով, երբ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին ճակատեցաւ Ֆայհայի դէմ (Սէուտական Արաբիա): Իր կատարած առաջին մրցումին Փիւնիկ, որ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած էր Եքաթերինպուրկի Ուրալի հետ (Ռուսիա), ցարդ արձանագրած է միայն յաղթանակ մը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու յառաջատար Այնի դէմ, 2-1 արդիւնքով: Նշենք,...

«Պէյճինկ-2022».  Գագիկ Սարգսեան, Յարութիւն Յարութիւնեան  Եւ Արսէն Ներսիսեան Չկրցան Մեկնիլ Չինաստան

«Պէյճինկ-2022». Գագիկ Սարգսեան, Յարութիւն Յարութիւնեան Եւ Արսէն Ներսիսեան Չկրցան Մեկնիլ Չինաստան

Հայաստանի ողիմպիական հաւաքականի անդամներէն մէկուն եւ պատուիրակութեան անդամներուն կատարած «Քորոնա» ժահրին քննութեան արդիւնքը եղած է դրական, այս մասին յայտնեց Հայաստանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին նախագահը` Գագիկ Սարգսեան: Ան խօսելով ստեղծուած իրավիճակին մասին յայտնեց, որ ինչպէս օրէնքը կը պահանջէ, պատուիրակութեան բոլոր անդամները, Պէյճինկ չմեկնած «Քորոնա» ժահրի քննութեան ենթարկուեցան, յաջորդաբար երեք օր: Ան յայտնեց, որ իր, լեռնադահուկորդ Յարութիւն Յարութիւնեանի եւ մարզիչ Արսէն Ներսիսեանի քննութիւններուն...

Տեղի Ունեցաւ Միջազգային  Ողիմպիական Կոմիտէին Համագումարը

Տեղի Ունեցաւ Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէին Համագումարը

Երէկ` հինգշաբթի, 3 փետրուարին Պէյճինկի մէջ (Չինաստան) տեղի ունեցաւ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին 139-րդ համագումարը: Քննարկուեցան միայն ամէնէն կարեւոր հարցերը` նկատի ունենալով, որ նիստը եղաւ կարճ: Յայտարարուեցաւ, որ մնացեալ խնդիրները պիտի քննարկուին մինչեւ տարեվերջ: Համագումարին ընթացքին ներկայացուեցաւ 2021 տարուան ֆինանսական հաշուետուութիւնը: Կազմակերպութեան եկամուտը կազմեց 4,16 միլիառ ամերիկեան տոլար, իսկ հասոյթը` 843 միլիոն ամերիկեան տոլար: Իսկ 2020-ին եկամուտը կազմեց 623,8 միլիոն ամերիկեան...

«Պէյճինկ-2022».  Թինա Կարապետեան-Սիմոն Պրուքս  Սենեկալ Զոյգը Հասաւ Պէյճինկ

«Պէյճինկ-2022». Թինա Կարապետեան-Սիմոն Պրուքս Սենեկալ Զոյգը Հասաւ Պէյճինկ

Չինաստանի մայրաքաղաք Պէյճինկի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն, Հայաստան գեղասահքի մրցումներուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Թինա Կարապետեան-Սիմոն Պրուքս Սենեկալ զոյգով: Հայաստանի ներկայացուցիչները երէկ Քանատայէն հասան Պէյճինկ, ուր պիտի մասնակցին պարի կարճ ծրագիրի մրցումներուն, 12 փետրուարին: Նշենք, որ ողիմպիական խաղերուն բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր` ուրբաթ, 4 փետրուարին:  

Ֆութպոլը Կրնայ Դուրս Մնալ  Ամառնային Ողիմպիական Խաղերէն

Ֆութպոլը Կրնայ Դուրս Մնալ Ամառնային Ողիմպիական Խաղերէն

Միջազգային մարզական մամուլը երէկ յայտնեց, որ ֆութպոլը կրնայ դուրս մնալ ամառնային ողիմպիական խաղերէն, եթէ պատահի, որ ՖԻՖԱ-ն գործադրէ իր պնդած ծրագիրը` Մոնտիալը երկու տարին անգամ մը կայացնելու: Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն հրապարակեց նախնական ցանկը մարզաձեւերուն, որոնք պիտի ընդգրկուին 2028-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն մէջ: Թէեւ ֆութպոլը եւս ընդգրկուած է այդ ցանկին մէջ, սակայն Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն մօտէն կը հետեւի, թէ ի՛նչ պիտի...

Page 424 of 1280 1 … 423 424 425 … 1,280

Արխիւներ