Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը երէկ կրկնեց իր յաղթանակը Իսրայէլի դէմ:
Ռուբէն Նազարէթեանի գլխաւորած կազմը, որ իր նոյն մրցակիցին դէմ առաջին մրցումին արձանագրած էր 9-2 արդիւնքով յաղթանակ մը, երէկուան մրցումին յաղթեց 3-0 արդիւնքով:
Իսրայէլի մէջ տեղի ունեցած բարեկամական այս երկրորդ մրցումին, հայրենի կազմին կոլերը նշանակեցին Տենիս Նեւետրով (9-րդ), Համլեթ Մանուկեան (14-րդ) եւ Լուան Պարպոսա (10-րդ):