Երէկ` չորեքշաբթի, 2 փետրուարին, Չինաստանի մայրաքաղաք Պէյճինկի մէջ սկսաւ 2022-ի ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն ջահին փոխանցման վազքը:
Հազարէն աւելի ջահակիրներ ջահը պիտի տանին Չինաստանի մայրաքաղաքին ամէնէն անուանի պատմական եւ տեսարժան վայրերը:
Այդ ջահին փոխանցման վազքը պիտի տեւէ երեք օր:
Խաղերուն բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 4 փետրուարին, Պէյճինկի ազգային այն մարզադաշտին վրայ («Տը Պըրտ’ծ Նեսթ»), ուր 2008-ին տեղի ունեցաւ ամառնային ողիմպիական խաղերուն բացումը:
Հայաստանի ներկայացուցիչներէն արդէն իսկ Պէյճինկ մեկնած են դահուկորդներ Միքայէլ Միքայէլեան, Քաթիա Գալստեան եւ Անկելինա Մուրատեան:
Իսկ գեղասահքի Թինա Կարապետեան- Սիմոն Սենեկալ պարի զոյգը Պէյճինկ պիտի հասնի Քանատայէն: