Փարիզ Սեն Ժերմեն Չի Ծրագրեր Պաշտօնազրկել Փոքեթինոն
Ֆրանսական մարզական մամուլին երէկուան գլխաւոր նիւթն էր Փարիզ Սեն Ժերմենի կրած պարտութիւնը` Նիսէն, Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին գծով: Լրատուամիջոցներէն ոմանք բաւական առաջ ալ երթալով յայտնեցին, որ մայրաքաղաքի կազմին ղեկավարութիւնը կը պատրաստուի պաշտօնանկ ընել ակումբին գլխաւոր մարզիչը` արժանթինցի Մաուրիցիօ Փոքեթինոն: Սակայն նշուեցաւ, որ ակումբը ներկայ հանգրուանին պաշտօնազրկման մասին երբեք չի մտածեր` նկատի ունենալով, որ անիկա կ՛ուզէ կեդրոնանալ խումբին առջեւ դրուած այլ...




















