Քաթալոնական Պարսելոնային մաս կազմող յետսապահ` Քլեման Լանկլը վնասուածք ստացաւ սպանացի Չաւիի գլխաւորած խումբին փորձերուն ընթացքին:
Ֆրանսացի 26 տարեկան ֆութպոլիստին ձախ ազդրին մկանը վնասուածք ստացած է եւ անոր ապաքինման ժամանակը ցարդ անորոշ է:
Ընթացիկ տարեշրջանին ան իր ակումբին հետ կատարած է 16 մրցում` կատարելով էսիսթ մը:


