Իտալական Սալերնիթանային մաս կազմող ֆրանսացի միջնապահ Ֆրանք Ռիպերի կրնայ ժամանակէն առաջ խզել իր պայմանագրութիւնը իր կազմին հետ եւ աւարտել ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը:
38 տարեկան Ռիպերի, որ սեպտեմբեր 2021-ին միացաւ Սալերնիթանայի, անոր հետ մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը պայմանագրութիւն մը ստորագրած է:
Ան այս տարեշրջանին Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») իր կազմին հետ կատարեց 15 մրցում եւ 2 էսիսթ:
22-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, անոր կազմը այժմ 10 կէտով միայն կը գրաւէ դասաւորման վերջին դիրքը:


