Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Ալաշկերտ-Երեւան երէկ միանգամայն իր կազմին միացուց երեք նոր ֆութպոլիստ:
Ակումբը պայմանագրութիւն ստորագրեց տարեշրջանին առաջին բաժինը Վանի կատարած մրցումներուն մասնակցած Անդրանիկ Ոսկանեանի, Գագիկ Դաղբաշեանի եւ Վահագն Այվազեանի հետ:
Նշենք, որ 31 տարեկան Ոսկանեան եւ Դաղբաշեան, նախապէս Ալաշկերտի հետ ելոյթ ունեցած են, մինչ 29 տարեկան Այվազեան առաջին անգամ ըլլալով պիտի կրէ ակումբին շապիկը:


